By Asbarez | Monday, 02 May 2011
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը երեքշաբթի, Ապրիլ 26ին կը գրէ, թէ Եւրոպական Միութիւնը Կարսի մէջ հայ-թրքական բարեկամութիւնը խորհրդանշող յուշարձանի քանդումը քննադատած է:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան «հրէշային» անուանած էր արձանը, իբրեւ հետեւանք՝ զայն վերցնելու աշխատանքը սկսած էր:
Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական յանձնախումբի համանախագահ Հելեն Ֆլոթր յայտնած է, թէ յուշարձանը քանդելը յուշակոթողներու դէմ գրաքննութեան համազօր քայլ մըն է եւ զայն մտահոգիչ զարգացում մը որակած է։
Ֆլոթր ըսած է, թէ յուշարձանը թուրքերու եւ հայերու միջեւ բարեկամութեան ծրագիր մըն էր, եւ անոր քանդումը այդ պատգամին ջնջումը կը նշանակէ։
Իր կարգին, «Մարմարա» կ՛աւելցնէ, թէ Կարսի մէջ Մեհմետ Աքսոյի կողմէ կառուցուած «Մարդկութեան յուշարձան»ը մասնատելու աշխատանքը կը շարունակուի:
Կառավարութիւնը, անտեսելով շատերու բողոքները՝ այս յուշարձանը քանդելու աշխատանքը յանձնած է «Աֆշին» ընկերութեան։ Յիշեալ ընկերութեան պատասխանատուն յայտնեց, որ Երկուշաբթի երեկոյեան արձանը կոտրելու ծառայող ադամանդածայր գործիքը կոտրուած է եւ ստիպուած՝ կիսատ մնացած է աշխատանքը։ Կը հաղորդուի, որ քանդուած քարին շերտերը պիտի փոխադրուին քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած վայր մը։ Փլուզման այս աշխատանքը պիտի արժէ 272 հազար լիրա եւ պէտք է ամբողջանայ 60 օրէն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ