«Թուրքիան Կը Սարսափի Պատմութենէն», Կ՛ըսէ «Ուիքիլիքս»

By Ազատութիւն | Monday, 02 May 2011

ՓՐԱԿԱ, «Ազատութիւն».- Արմէն Գոլոյեան կը տեղեկագրէ, թէ ամերիկեան դիւանագիտական փաստաթուղթեր գաղտնազերծող «Ուիքիլիքս» կայքը վերջերս տեղադրած է Թուրքիոյ քաղաքականութեան վերաբերող երկու ուշագրաւ նամակներ:

Ընթացիկ Ապրիլ 24ին, կայքը հրապարակեց 2006 Դեկտեմբեր 20ին Անգարայի մօտ ԱՄՆ դեսպանատան կազմած փաստաթուղթը՝ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն մէջ հայկական գործօնին մասին:

Թուրքիոյ ցամաքային ուժերու հրամանատար Իլքեր Պաշպուղ 2006 Նոյեմբեր 15ին յայտարարած է, թէ պաշտօնական Անգարան կը դադրեցնէ ռազմական համագործակցութիւնը Փարիզի հետ, քանի որ Ֆրանսայի Ազգային ժողովը օրէնք ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէօրէն դատապարտելի համարելու մասին:

Նաեւ, ընթացիկ տարուան Ապրիլ 7ին, կայքին վրայ յայտնուած է 2004 Դեկտեմբեր 22ին Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆի դեսպանատան պատրաստած այլ հեռագիր մը, որուն վերնագիրն է՝ «Փարանոյա»՝ «Խելացնորութիւն»:

Ըստ այս փաստաթուղթին, «Թուրքիոյ պետութիւնը կը սարսափի պատմութենէն, (իրողութիւն մը) զոր կ՛արտայայտեն հայկական անջատողականութեան դէմ պայքարելու մասին Անգարայէն թրքական զինուորականներուն հասցէագրուած հրամանները»:

Զինուորութեան կազմին մէջ աղբիւր մը դեսպանատան աշխատակիցին փոխանցած է, թէ զինուորները երկար ժամանակ շփոթութեան մէջ եղած են, չեն հասկցած այդ հրամաններուն հրատապութիւնը եւ կարեւորութիւնը, քանի որ տառացիօրէն քանի մը տասնեակ հայ մնացած է երկրի հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ: Փորձելով կատարել այդ հրամանները՝ զինուորները ի վերջոյ հասկցած են, թէ ի՞նչ կը մտահոգէ Անգարան: Խօսքը մանրամասնօրէն կազմուող «նուֆուս քիւթիւկը»ի՝ բնակչութեան ցուցիչի մասին է:

Սոյն վիճակագրութիւնը տեղեկութիւններ կը պարունակէ նաեւ այն մասին, որ հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան որոշ շրջաններու մէջ քաղաքացիներէն ոմանք, կրնայ ըլլալ, որ ունին հայկական արմատներ, որոնք հայերու զանգուածային սպանդին եւ տեղահանութեան ընթացքին ստիպողաբար կամ կամաւոր եղանակով թաքցուած են:

Կը պարզուի, որ հայկական արմատները բաւական տարածուած են: Օրինակ, զինուորները գիւղի մը մէջ եւս հանդիպած են ծագումով հայ իմամի մը՝ մահմետական կրօնաւորի:

Անատոլիոյ շրջաններ կատարած այցելութեանց ընթացքին, ԱՄՆ դեսպանատան ծառայողները զարմացուցած է երեք հանգամանք՝ 1915ի իրադարձութիւններուն մասին բնակիչներուն տեղեկացուած ըլլալու աստիճանը, այդ բոլորին մասին պատմելու պատրաստակամութիւնը եւ ակնյայտ հայկական յատկանիշներով մարդոց մեծ թիւը:

Դեսպանատան նամակին մէջ կ՛ըսուի, թէ «բնակչութեան ցուցիչը Օսմանեան շրջանէն հասած համակարգ է, որ ինչ որ բանով մը կը նմանի քրիստոնէական երկիրներու մէջ ծխական մատեաններուն, որոնց մէջ արձանագրուած են մկրտութիւնները»:

Բայց, ըստ նոյն հեռագիրին, այդ «Նուֆուս քիւթիւկը»ները մեծ բծախնդրութեամբ կը կազմուին, ինչ որ կը վկայէ, թէ Թուրքիոյ մէջ որքա՛ն զգօն են եւ որքա՛ն կը վախնան քաղաքացիներուն մէջ հնարաւոր «օտար տարրերէ»:

comments