By Asbarez | Tuesday, 22 October 2013
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21ի երեկոյեան, «Մայատին» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութեանց «թեկնածութիւնս առաջադրելու առումով որեւէ արգելք չեմ տեսներ»: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի նոյն օրը յայտարարեց, որ Ասատի կողմէ այդպիսի քայլ մը սուրիական հակամարտութիւնը պիտի երկարաձգէ: Ասատ նաեւ ըսաւ, որ կառավարութիւնը ներկայիս «Քայիտա»ի եւ անոր ճիւղաւորումներուն դէմ պայքարի հանգրուանի մէջ կը գտնուի՝ աւելցնելով, որ յառաջդիմութիւն արձանագրած է շարք մը մարզերու մէջ: Ըստ անոր՝ ահաբեկիչները ժողովրդականութիւնը կորսնցուցած են եւ բազմաթիւ երկիրներ Սուրիոյ նկատմամբ իրենց քաղաքականութիւնը փոխած են: Խօսելով ինքզինք մեկուսացնելու Լիբանանի քաղաքականութեան մասին՝ Ասատ յայտնեց, որ Լիբանան ուղղակի մասնակցութիւն ունեցաւ Սուրիոյ մէջ կրակը հրահրելուն՝ զէնքերու մատակարարմամբ եւ զինեալներու Սուրիա ներթափանցման արգելք չհանդիսանալով:
Ասատ նաեւ բուռն յարձակում գործեց Սէուտական Արաբիոյ վրայ՝ յայտարարելով, որ այդ երկիրը Ուաշինկթընի ենթակայ է ու ամերիկեան քաղաքականութիւնը կը գործադրէ: Սակայն, ան չբացառեց Ռիատի հետ յարաբերութեանց վերականգնումը, եթէ այդ մէկը սուրիացի ժողովուրդի շահերուն կը ծառայէ:
Ասատ նաեւ ըսաւ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան գաղափարախօսական պատճառներով աւելի հետաքրքրուած էր «Իսլամ եղբայրներ»ով, քան Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններով: Էրտողան, իբրեւ կրօնական կուսակցութեան մը ղեկավարը, ինքզինք տարածաշրջանին մէջ փոքրամասնութիւն կը զգար եւ կ՛ուզէր, որ «Իսլամ եղբայրներ»ը իշխեն Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի վրայ, որպէսզի ձերբազատի փոքրամասնութիւն մը ըլլալու զգացումէն, աւելցուց Ասատ:
«Իրողութիւնները կը փաստեն, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն կ՛աջակցի», յայտնեց ան:
Սուրիոյ նախագահը նաեւ ըսաւ, որ Սուրիական ազատ բանակէն ոմանք վերադարձան օրինաւոր բանակ եւ վերջին ամիսներուն նահատակուեցան:
Խօսելով «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին մասին՝ Ասատ յայտնեց, որ անոր շուրջ բազմաթիւ հարցականներ կան: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը պէտք է ըլլայ սուրիական լուծում մը, որ պիտի ընդունուի թէ՛ սուրիացի ժողովուրդին կողմէ եւ թէ օտարներուն:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով ամերիկացի իր պաշտօնակից Ուիլեըմ Պըրնզի հետ «Ժընեւ-2»ի շուրջ տարուած աշխատանքին գծով քննարկումներ կատարած է:
Իսրայէլեան «Տեպքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ սուրիական ընդդիմութեան զինեալները Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ բանակին հետ զինադադարի համաձայնութիւն մը գոյացուցած են, որպէսզի կարենան դէմ դնել «Քայիտա»ին, որ սուրիական ընդդիմութեան ղեկավարները եւս ահաբեկելու գործողութիւններ կը կատարէ: Կը նախատեսուի, որ զինադադարի նման համաձայնութիւններ կնքուին նաեւ Հոմսի եւ Համայի նման քաղաքներու մէջ:
Վերջապէս, Սուրիոյ ընդդիմադիրներն ու պետական աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Հոկտեմբեր 21ին սպաննուած է Սուրիոյ ազատ բանակի ղեկավարներէն Եասեր Ապուտը, Յորդանանի սահմանակից Տարաա քաղաքի մերձակայքը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ