Ատրպէյճանի Նախագահը Կը Պահպանէ «Մամուլի Գիշատիչ»ի Կոչումը

By Asbarez | Tuesday, 10 May 2011

ՊԱՔՈՒ.- «Լրագրողներ առանց սահմաններու» միջազգային կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Մամուլի գիշատիչներ»ու ցանկը, որուն մէջ ընդգրկուած են տարբեր երկիրներու պետական, քաղաքական եւ ռազմական գործիչներ, որոնք իրենց երկիրներուն մէջ  խօսքի ազատութիւնը ճնշելու բարձրագոյն վարկանիշերը ունին:

Այս տարուան ցանկին վրայ կան 38 ղեկավարներու անուններ, որոնց շարքին է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ արդէն 6րդ տարին է, որ անընդմէջ կ՛արժանանայ է «Մամուլի գիշատիչ»կոչումին:

comments