By Նիուզ | Tuesday, 10 May 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վրաստանի ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կը պնդէ, թէ Վրաստանի իշխանութիւնները Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզայի հետ միասին պետական յեղաշրջում կը պատրաստեն։
Կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Սոսօ Շաթպերաշվիլի համաձայն, արեւմտեան մամուլին մէջ լայնօրէն կը խօսուի նախագահ Սահակաշվիլիի եւ անոր խմբակին կողմէ Ատրպէյճանի մէջ յեղաշրջում կազմակերպելու ծրագիրին մասին։
Բացի Սահակաշվիլիէն, վրացի աշխատաւորականները մեղադրած են նաեւ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Պրայզան, որ «Կովկասի մէջ կացութիւնը բազմաթիւ անգամ պայթեցուցած է»: Անոնք Պաքուի իշխանութեանց կոչ ուղղած են դադրեցնելու դեսպանին դիւանագիտական լիազօրութիւնները։
Վրացի աշխատաւորականներէն առաջ այդպիսի յայտարարութիւն կատարած էր Ռուսիոյ Իսլամական կոմիտէի նախագահ Հայտար Ճեմալ՝ յայտնելով. «Կայ Ատրպէյճանի ապահովութեան լուրջ սպառնալիք մը, որ Վրաստանի տարածքէն կու գայ»։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ