Համշէնահայերը Քաղաքական Կուսակցութիւն Կը Փորձեն Կազմել Թուրքիոյ Մէջ

By Հիւրրիյէ | Wednesday, 18 May 2011

ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէ»չ.- Համշէնահայ քաղաքական գործիչ Իսմեթ Շահին, որ Թուրքիոյ մէջ կայանալիք յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութեանց հաւականական թեկնածուներէն մէկը կը նկատուէր, որոշած է կազմել համշէնահայութիւնը ներկայացնող քաղաքական կուսակցութիւն մը, որուն անունը պիտի բացայայտուի Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք:

Շահին կը յայտնէ, թէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը եւ անոր գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, ազգայնական կուսակցութիւններ են, որոնք չեն ուզեր հայ մը տեսնել Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: «Նոյնիսկ մէկ հայ երեսփոխանի մը ներկայութիւնը խորհրդարանին մէջ Թուրքիոյ պիտի պարտադրէ իր պատմութեան հետ դէմ յանդիման գտնուիլ: Թուրքիա տակաւին այդ-քան քաջութիւն չունի», կը յայտնէ Շահին, որ անցեալին գործակցած է քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան հետ: Ան ցաւ կը յայտնէ, որ քրտամէտ այդ կուսակցութիւնը կը մերժէ ճնշուած այլ փոքրամասնութեանց հետ գործակցիլ:

comments

Advertisement