Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հանդիպումը Քուէյթի Էմիրին Հետ

By Asbarez | Monday, 23 May 2011

Երեքշաբթի, Մայիս 17ին, Քուէյթ այցելող Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի էմիր Սապահ Ճապեր Ահմատ Սապահի հետ, յատուկ կարգադրութեամբ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին։ Վեհափառը նախ իր ուրախութիւնը յատնեց, որ 6 տարի ետք դարձեալ կը հանդիպի Էմիրին ու ապա Լիբանանի նախագահին ողջոյնները փոխանցեց։ Նորին սրբութիւնը յիշեց, թէ Լիբանանի տագնապի շրջանին, էմիրը, որ այդ օրերուն արտաքին գործոց նախարարն էր, կարեւոր դեր ունեցած է Լիբանանի տագնապի լուծման աշխատանքներուն մէջ։

Վեհափառը յատնեց, որ այս անգամ Քուէյթ այցելութեան իր հիմնական նպատակն էր՝ ներկայ գտնուիլ Ազգ. վարժարանի յիսնամեակի հանդիսութեան։ Ան իր ու Քուէյթի հայութեան երախտագիտութիւնը յայտնեց էմիրին՝ այն բոլոր կարելիութիւններուն համար, զորս Քուէյթի պետութիւնը ընծայած էր հայ համայնքին։ Ապա յայտնեց, թէ Երկուշաբթի օր իրեն այցելած էին Քուէյթի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերը եւ խնդրած իրմէ, որ էմիրին փոխանցէ իրենց շնորհակալութիւնը, միաժամանակ խնդրելով, որ իրենց համայնքներուն համար դիւրութիւններ ընծայուին եկեղեցիներու շինութեանց գծով։

Արամ կաթողիկոս լայնօրէն անդրադարձաւ Քուէյթի հայութեան եկեղեցւոյ հարցին՝ պարզելով էմիրին այն դժուարութիւնները, որոնց դիմաց կը կանգնի հայ գաղութը եւ խնդրելով անոր օժանդակութիւնը։

Ուշադրութեամբ հետեւելէ ետք վեհափառի խօսքերուն, էմիրը խնդրեց վեհափառէն, որ իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցէ Լիբանանի նախագահին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանը կը գտնուի վերակագնումի ընթացքի մէջ։ Ապա ան յատուկ գնահատանքով խօսեցաւ հայ համայնքին մասին, որպէս աշխատունակ ու հաւատարիմ համայնք։ Անդրադառնալով նշուած հարցերուն ու յատկապէս հայ եկեղեցւոյ հարցին՝ էմիրը թելադրեց, որ համայնքի պատասխանատուները անհրաժեշտ բացատրութիւններով նամակ մը յղեն իրեն, որպէսզի կարենայ գործնական քայլերու դիմել այս ուղղութեամբ։

Էմիրը նաեւ անդրադարձաւ հայ ու թուրք յարաբերութիւններուն, յատկապէս փրոթոքոլի հարցին, մաղթելով, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները դառնան բնականոն: Վեհափառը այս գծով յիշեցուց էմիրին, թէ Ցեղասպանութեան հարցը արդարութեան հարց է, եւ Թուրքիան պէ՛տք է ճանչնայ հայերուն դէմ գործած Ցեղասպանութիւնը։ Ինչ կը վերաբերի փրոթոքոլի հարցին, ապա վեհափառը յայտնեց, թէ Հայաստանը կը սպասէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուի անիկա:

Վեհափառի կողքին հանդիպման ներկայ գտնուեցան Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի դեսպան Պասամ Նումանի, Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան, Թեմական ժողովի ատենապետ Յարութ Պէտիրեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետ Կոստանդին Մոմճեան, թարգմանիչ Մունիր Դարբինեան եւ գաւազանակիր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան։

Այս հանդիպումէն անմիջապէս ետք, վեհափառը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Քուէյթի վարչապետ շէյխ Նասեր Սապահի հետ, Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մուհամմատ Սապահի ներկայութեամբ:

Նոյն օրը, Քուէյթի մօտ Լիբանանի դեսպան Նումանիի կողմէ ի պատիւ վեհափառին տրուած ճաշկերոյթին ընթացքին, Արամ կաթողիկոս շեշտեց Լիբանանի հայութեան ամուր կապուածութիւնը իր պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն: Ան յիշեց Ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւանքով յառաջացած Սփիւռքը՝ յատուկ կերպով անդրադառնալով արաբական աշխարհի ցուցաբերած սիրոյ ու եղբայրական ոգիին՝ հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Ան յիշեցուց, որ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը ի խնդիր արդարութեան։

Իր բարի գալուստի խօսքին մէջ, Նումանի անդրադաձաւ Լիբանանի հայութեան դրական դերին, ինչպէս նաեւ վեհափառի դերակատարութեան՝ թէ՛ Լիբանանի մէջ, եւ թէ միջազգային մակարդակի վրայ։

Ճաշկերոյթին ներկայ էին արաբական ու եւրոպական երկիրներէ դեսպաններ, Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայաստանի դեսպանը, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանը եւ ազգային իշխանութեան անդամներ, իսլամ եւ քրիստոնեայ համանքներու հոգեւոր պետեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան համայնքներու պատասխանատուներ ու մամլոյ ներկայացուցիչներ:

«ՔՈՒԷՅԹԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

ՊԷՏՔ Է ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԸ

ԴԱՌՆԱՅ ԻՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ»

«Երկար տարիներ Քուէյթի հայութիւնը ներկայ եկեղեցւոյ շուրջ իր հոգեւոր կեանքը կազմակերպեց, մասնակից դարձաւ անոր կեանքին, առաքելութեան ու զանազան աշխատանքներուն։ Ժամանակը հասած է, որ այլեւս սեփականատէրը դառնանք այս եկեղեցւոյ կալուածին», ըսաւ վեհափառը, Քուէյթ այցելութեան առաջին գիշերը (Երկուշաբթի), ի պատիւ իրեն տրուած ժողովրդային ճաշկերոյթին ընթացքին։

«Եկեղեցին ճշմարտօրէն Եկեղեցի կը դառնայ ժողովուրդի՛ն մասնակցութեամբ ու ժողովուրդի կեանքի՛ն մէջ։ Եկեղեցին հեղինակութեան աղբիւր չէ՛, այլ՝ ծառայութեա՛ն աղբիւր. ծառայութեա՛մբ է որ եկեղեցին իր կոչումը կ՛իրագործէ ու ճշմարտօրէն ինքզինք կ՛ըլլայ», եզրակացուց վեհափառը։

Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առին նաեւ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ Քուէյթի ազգայիններէն տոքթ. Պէպէճեան: Աւելի քան երկու ժամ տեւող ճաշկերոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ երգերով ու ասմուքներով ճոխացած գեղարուեստական յայտագիր։

Արամ կաթողիկոս Երկուշաբթի կէսօրին ժամանեց Քուէյթ՝ պաշտօնապէս դիմաւորուելով Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի դեսպան Նումանիի, Հայաստանի դեսպան Չարչօղլեանի կողմէ, իսկ անոր ի պատիւ ճաշկերոյթ սարքեց Քուէյթի Ազգ. վարչութիւնը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Քուէյթի հայութեան առնչուող շարք մը հարցեր ու ծրագիրներ։

Յետմիջօրէին, վեհափառին իջեւանած պանդոկը այցելեցին Քուէյթի քրիստոնեայ համայքներու հոգեւոր պետերն ու աշխարհական ժողովականներ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու եկեղեցին յուզող հարցերու ու քրիստոնեաներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։

Քուէյթ իր այցելութեան առաջին օրը, Արամ կաթողիկոս հովուապետական այցելութիւն տուաւ Ս. Վարդանանց Հայց. առաքելական եկեղեցին։ Դարպասին առջեւ, վեհափառը ընդունուեցաւ Շահէ եպս. Փանոսեանի, քահանայ հայրերուն, Ազգային իշխանութեան անդամներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ։ ՀՄԸՄի փողերախումբը նուագեց Քուէյթի ու Հայաստանի քայլերգները։ Ապա վեհափառը թափօրով ու դպրաց դասին կողմէ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցի։

Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք, ապա Շահէ եպս. Փանոսեան, յանուն Ազգային իշխանութեան եւ թեմի ժողովուրդին, ողջունեց վեհափառին գալուստը։

Վեհափառը, իր պատգամին սկիզբը գոհութիւն տալէ ետք Աստուծոյ, որ դարձեալ կ՛այցելէ Քուէյթ, յայտնեց, որ այցելութեան հիմնական նպատակը անձամբ ներկայ գտնուիլ է Ազգ. վարժարանի 50ամեակի տօնակատարութեան, իր գնահատանքը յայտնելու համար մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան։ Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ կաթողիկոսական նախկին փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեանին, որ անցնող 8 տարիներուն նուիրումով ծառայեց շրջանի հայութեան, եւ ապա ներկայացուց նոր նշանակուած կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ սրբազանը, անոր մաղթելով յաջողութիւն իր եկեղեցաշէն ծառայութեան մէջ։

Վեհափառի պատգամին հիմնական առանցքը այն էր, թէ ընտանիքը, դպրոցը ու եկեղեցին պէտք է մնան մեր հոգեկան կեանքին ամուր կռուանները։

Տեղի ունեցաւ աջահամբոյր։

comments

Advertisement