Փութին Եւ Էրտողան Քննած Են Արցախի Հարցը

By Asbarez | Friday, 22 November 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22ին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան քննարկած են Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու նպատակով տարուող աշխատանքները:

«Կան ընդհանուր քայլեր, որոնց մենք պէտք է ձեռնարկենք, եւ արդէն իսկ կատարած ենք բանակցութիւններ, որոնք մեզի առիթ կ՛ընծայեն այդ հարցերը կարգաւորելու համար հիմեր ստեղծելու», ըսած է Էրտողան, Ռուսիա-Թուրքիա բարձրագոյն մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի նիստի աւարտին:

«Կը հաւատամ, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա պարտաւորութիւններ ունին հայ-ատրպէյճանական հիմնախնդիրի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի կացութեանց զարգացման մէջ», աւելցուցած է Թուրքիոյ վարչապետը:

comments