Հոլանտա Ապաստանեալի Իրաւունք Կը Շնորհէ Ցեղասպանութիւնը Հաստատած Դատաւորին

By Asbarez | Monday, 30 May 2011

Ֆրանսայի «Նուվէլ Արմէնի» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Հոլանտայի իշխանութիւնները քաղաքական ապաստանեալի իրաւունք շնորհած են Թուրքիոյ նախկին դատաւորներէն Չակաթայ Չեթինին, որ Անգարայի կողմէ կը հալածուի՝ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ քիւրտերու իրաւանց մասին իր արտայայտած կարծիքներուն համար:

Չեթին, որ հայկական ու քրտական ծագում ունի, կ՛ընդունի, թէ Յունուար 2010ին, կեղծ անցագիրով մը դուրս եկած է Թուրքիայէն, ուր ան 17 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր ատեանի մը կողմէ: Ան նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատած էր ոչ պաշտօնական հաւաքի մը ընթացքին, ուր ան քննադատած էր նաեւ քիւրտերու դէմ ու գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի հարցով Անգարայի որդեգրած քաղաքականութիւնը:

comments

Advertisement