Արընչ. «1915ին Շատ Ցաւալի Դէպքեր Պատահեցան, Բայց Խնդրեմ Զանոնք Ցեղասպանութիւն Մի Կոչէք»

By Asbarez | Thursday, 12 December 2013

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ամավարկի քննութեան ընթացքին իր ունեցած ելոյթով, Հայկական Ցեղասպանութեան մասին դարձեալ ուշագրաւ արտայայտութիւն մը ունեցաւ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ։

Արընչ մեղադրեց այն անձերը, որոնք 1915ի պատահարներուն համար «ցեղասպանութիւն» բառը կը գործածեն։ «Շատ ցաւալի դէպքեր պատահեցան այդ շրջանին, բայց խնդրեմ զանոնք ցեղասպանութիւն մի՛ կոչէք: Ասիկա պատմական ճշմարտութեան չի համապատասխաներ», ըսաւ Արընչ։

Արընչ աւելցուց, որ ներողութիւն խնդրելը առաքինութիւն է եւ այդ ներողութիւնը խնդրուեցաւ արդէն։ «Բայց ո՛չ մէկը պէտք ունի ծունկի գալու ու ներողութիւն խնդրելու։ Կը խորհիմ, որ ներողութիւն կը խնդրուի ու մաղթանք կը կատարուի, որպէսզի անգամ մըն ալ այսպիսի սխալ չգործուի. ասիկա մեր բոլորին պարտականութիւնն է, բայց կը մտածեմ նաեւ, որ սխալ է այսպիսի ցաւալի նիւթ մը հիմա քաղաքականութեան համար իբր նախանիւթ գործածելը», ըսաւ Արընչ։

Արընչ ըսաւ, որ վերջին 11 տարիներուն ընթացքին, Թուրքիոյ մէջ շատ բան փոխուեցաւ ու հիմա կը խօսուի այնպիսի նիւթերու մասին, որոնց մասին երբեք չէր խօսուած նախապէս։ Արընչ աւելցուց, որ ճշմարտութիւնները երբե՛ք պէտք չէ թաքցուին:

comments