* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Փամուք Կը Վերահաստատէ Ցեղասպանութեան Մասին Իր Խօսքը

Friday, 28 August 2009     |    |   

Source: Asbarez
Tags: turkey, orhan pamuk, armenian genocide, turkish denial

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Թուրք վիպագիր Օրհան Փամուք, որ Նոպէլեան գրական մրցանակի արժանացած առաջին թուրք գրագէտն է, Մոսկուայի <<Թայմ աութ>> թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կրկին հետաքրքրական հաստատումներ կատարած է եւ մասնաւորաբար անգամ մը եւս կանգնած է իր նախկին նշանաւոր յայտարարութեան ետին, ըստ որուն, Թուրքիոյ հողերուն վրայ սպաննուած են մէկ միլիոն հայ ու 30 հազար քիւրտ։ Ինչպէս յայտնի է, Փամուքի այս նախադասութիւնն էր, որ մեծ փոթորիկ պայթեցուց անոր դէմ եւ անոր համար ան դատական հետապնդումի ենթարկուեցաւ ու կրնար բանտարկուիլ:

Փամուք ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ <<մութ ուժեր ու աւազակներ>> կարեւոր դեր ունին երկրին վարչութեան ու ղեկավարման մէջ։ Ան վերապահութիւն յայտնեց նաեւ բանակին նկատմամբ՝ ըսելով, որ բանակը տարբեր հասկացողութիւն ունի երկրին աշխարհիկ կարգավիճակին մասին, ու բանակին այս հասկացողութիւնը դժբախտաբար շատ հեռու է Աթաթիւրքի հասկացողութենէն։ Ան աւելցուց, որ բանակը կը շարունակէ միջամտել աշխարհիկ կարգավիճակը պաշտպանելու պատրուակով: <<Ճիշդ այս պատճառով է, որ ժողովուրդը դժգոհ է ու կը քուէարկէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ի նպաստ>>, ըսաւ ան։

Օրհան Փամուք ըսաւ նաեւ, որ չէ զղջացած մէկ միլիոն հայու եւ 30 հազար քիւրտի սպանութեան մասին իր ունեցած նախկին արտայայտութեան համար։ Ան ըսաւ նաեւ, թէ Թուրքիոյ մէջ կարծիքի ազատութիւնը չէ հասունցած ու այդ պատճառով, լաւ կ՛ըլլայ, որ Թուրքիա անդամակցի Եւրոմիութեան։ Եթէ անհրաժեշտ նորարարութիւն կարենար ընել, ապա Թուրքիա պէտք պիտի չունենար Եւրոմիութեան:

Փամուք աւելցուց ի վերջոյ, թէ ինք կը ջանայ Թուրքիան բացատրել թուրքերուն, ոչ թէ Թուրքիան բացատրել օտարներուն։

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement