Տաւութօղլու Դրական Արդիւնքներ Կը Սպասէ Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումէն

By Asbarez | Tuesday, 07 June 2011

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը Ուրբաթ, Յունիս 3ին կը հաղորդէ, թէ Իտալիոյ միաւորման 150 ամեակի նուիրուած տօնակատարութեան մասնակցած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Հռոմի մէջ յայտարարած է, որ Արցախի հարցին մասին Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի նախագահներուն կատարած համատեղ վերջին յայտարարութիւնը կրնայ արագացնել ղարաբաղեան տագնապի կարգաւորման գործընթացը։

Իտալիայէն մէկնելէ առաջ, Տաւութօղլու հանդիպում ունեցած է լրագրողներու հետ, որոնց տեղեկացուցած է Հռոմի մէջ շարք մը երկիրներու ղեկավարներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու հետ իր ահնդիպումներուն որոշ մանրամասնութիւններուն մասին։

Ան յայտնած է, թէ հանդիպումներ ունեցած է Պրազիլի, Արժանիթինի, Բրիտանիոյ եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարներու հետ, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահին, ինչպէս նաեւ Մակեդոնիոյ, Սլովենիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ։

Իլհամ Ալիեւի հետ իր ունեցած հանդիպման մասին որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդելով՝ Տաւութօղլու նշած է, թէ կողմերը քննարկած են հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւններն ու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։ «Յառաջիկային, Քազանի մէջ հանդիպում պիտի ունենան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները։ Ազդանշանները դրական են։ Սպասենք Քազանի հանդիպման արդիւնքներուն։ Տայ Աստուած՝ դրական քայլեր իրականացուին։ Տեսնելով պարոն Ալիեւի վճռականութիւնն ու լաւատեսութիւնը՝ ես ինքզինքս երջանիկ զգացի», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։

Տաւութօղլու թրքական «Զաման» օրաթերթին յայտնած է նաեւ, թէ պաշտօնական հիւրերու փոխադրակառքին մէջ «կարճ զրոյց» մը ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Զրոյցին մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։

comments