By Asbarez | Monday, 13 June 2011
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով, «Ռոյթըրզ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմ սկսիլ չ՛ուզեր, սակայն միաժամանակ աւելցուց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Քազանի մէջ կայանալիք հանդիպումէն յատկանշական յառաջխաղացք չ՛ակնկալեր:
Ան նշած է, թէ Ատրպէյճան իր բանակը չի զիներ Հայաստանի դէմ պատերազմի համար։ «Մենք շահաքրքրուած չենք պատերազմով, որովհետեւ դեռ մենք դիւանագիտական կարելիութիւններ կը տեսնենք. ինչո՞ւ պէտք է մտածենք պատերազմի մասին», ըսած է Ազիմով եւ աւելցուցած. «Ո՞վ ըսած է, որ Ատրպէյճանը պէտք է տկար բանակ ունենայ։ Լաւ բանակ ունենալը լաւ է, եւ աւելի լաւ է՝ զայն չօգտագործելը։ Ատիկա մեր նախընտրած սկզբունքն է», ըսած է ան։
Անդրադառնալով Քազանի մէջ կայանալիք Սարգսեան-Մետվետեւ-Ալիեւ եռակողմ հանդիպումին՝ Ազիմով ըսած է, որ ինք մեծ ակնկալիքներ չունի։
«Ես լաւատես չեմ Քազանի հանդիպման հարցով: Ես հիմնարար սկզբունքներու վերաբերեալ համաձայնագիր չեմ ակնկալեր, սակայն կ՛ակնկալեմ, որ աւելի յստակ պիտի դառնան կարեւորագոյն հարցերուն շուրջ կեցուածքները», ըսած է Ազիմով։
«Ատրպէյճան պատրաստ է ճկունութիւն ցուցաբերելու։ Այն ինչ մենք կը փափաքինք, յստակ է, եւ մենք դուրս չենք գար միջազգային իրաւունքի արժէչափերու շրջանակէն: Սակայն միաժամանակ, մենք չենք կրնար համաձայնիլ աւելի քիչին», նշած է ան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ