By Asbarez | Monday, 11 July 2011
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Թուտէյ.ազ» լրատուական կայքը Երեքշաբթի, Յուլիս 5ին կը տեղեկացնէ, թէ Ատրպէյճանի նախագահին յանձնարարութեամբ կազմակերպուող ատրպեճանական սփիւռքի երրորդ համաժողովին ընթացքին, սփիւռքի հարցերով զբաղող Ատրպէյճանի կառավարութեան յատուկ յանձնախումբի ատենապետ Նազիմ Իպրահիմով յայտարարած է, որ ներկայիս աշխարհի տարածքին կը գործեն ատրպեճանական սփիւռքը ներկայացնող 416 կազմակերպութիւններ, որոնցմէ 102ը կազմուած է ատրպեճանական սփիւռքի ներկայացուցիչներու երկրորդ համաժողովէն ետք:
Ան աւելցուցած է, թէ իր յանձնախումբին գործունէութիւնը հիմնուած է յարձակողական գործելաոճի վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել Ատրպէյճանի նախագահին ակնկալութիւնները: Իպրահիմով նաեւ շեշտած է թրքական սփիւռքին հետ կապերը սերտացնելու կարեւորութիւնը:
Համաժողովին ներկայ եղած են նաեւ Թուրքիայէն ներկայացուցիչներ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ