Պաքուի Մէջ՝ «Ղարաբաղ Կամ Մահ» Պաստառներով Ցոյց

By Asbarez | Monday, 11 July 2011

ՊԱՔՈՒ.- Այսպէս կոչուած Ղարաբաղի ազատագրութեան կազմակերպութեան անդամները Հինգշաբթի, Յուլիս 7ին, Ատրպէյճանի մօտ ՄԱԿի ներկայացուցչութեան շէնքին մօտ ցոյց կատարած են։ Շուրջ 30 ցուցարարներ փողոց իջած են՝ «Ղարաբաղ կամ մահ» գրութեամբ ցուցապաստառներով։

Անոնք փորձած են ՄԱԿի ներկայացուցչութեան շէնքին մօտենալ, սակայն ոստիկանները արգելք հանդիսացած են։

comments