Նախագահ Սահակաշվիլի Ստորագրած Է Կրօնական Օրինագիծը

By Նիուզ | Monday, 11 July 2011

ԹԻՖԼԻՍ, «Նիուզ».- Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի ստորագրած է Քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու օրինագիծը, ըստ որուն՝ կրօնական միաւորումներուն կը տրուի իրաւաբանական կարգավիճակ:

Նախագահի մամլոյ քարտուղար Մանանա Մանճկալածէ յայտնած է, թէ «Փաստաթուղթը ստացուած է Յուլիս 6ին, եւ նախագահը զայն ստորագրած է նոյն օրը»։ Ան նաեւ նկատել տուած է, թէ փաստաթուղթը կրկին անգամ ուղարկուած է խորհրդարան՝ հրապարակուելու համար:

Նշենք, որ Վրաստանի խորհրդարանը Յուլիս 5ին հաստատած էր փոփոխութիւնները։ Վրացական խորհրդարանին որոշումով, իրաւաբանական անձի կարգավիճակ ստացած են Հայ առաքելական եկեղեցին, Կաթոլիկ եկեղեցին, Մահմետական համայնքը, Հրէական համայնքը եւ Պապթիստական եկեղեցին:

Օրինագիծին դէմ արտայայտուած էր վրաց պատրիարք Իլիա Բ.ը: Օրինագիծին վերաբերեալ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէ յայտնած է, թէ Վրաստանի Սահմանադրութիւնը կ՛արտօնէ Վրաստանի քաղաքացիներուն՝ անկախ անոնց կրօնական համայնքի պատկանելիութենէն՝ արձանագրել իրենց կրօնը իբրեւ քաղաքացիական իրաւունքի կարգավիճակ:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ խորհրդարանը ինչո՞ւ ընդունեց վրացական ուղղափառ եկեղեցւոյ դժգոհութիւնը յարուցած օրինագիծը, Վաշածէ յայտարարած է, թէ առաջին կարգին, ատիկա «Վրաստանի քաղաքացիներու սահմանադրական իրաւունքներու ապահովումն է, որ Վրաստանի կառավարութեան թիւ մէկ պարտականութիւնն է»:

«Եւ երբ Վրաստանի քաղաքացիները, անկախ իրենց կրօնական դաւանանքէն, չեն փափաքիր արձանագրել իրենց կրօնը իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւն, այլ իբրեւ քաղաքացիական իրաւունքի կարգավիճակ, ատիկա իրենց իրաւունքն է: Եւ մեր Սահմանադրութիւնը նման իրաւունք կու տայ: Այստեղ յստակ տարանջատում կայ՝ վրացական պետութեան եւ վրացական եկեղեցւոյ միջեւ, քանի որ վրացական եկեղեցին առանձնայատուկ դեր կը խաղայ», ըսած է ան:

Վաշածէ յստակացուցած է, որ նախապէս քաղաքացիական օրէնսգիրքը հնարաւորութիւն կու տար միւս համայնքներուն արձանագրուելու միայն իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւններ, իսկ այժմ Վրաստանի քաղաքացիները իրենք իրաւունք ունին որոշելու, թէ ինչպէ՛ս արձանագրուին: Այսինքն, ատիկա կ՛որոշեն իրենք՝ հաւատացեալները: «Քանի որ շատ կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներու մենք պարտական ենք, այն քաղաքացիական խիզախութեան եւ քաղաքացիական պահուածքին համար, զորս անոնք դրսեւորեցին 1991էն, այսինքն՝ անկախութենէն ետք», ըսած է Վաշածէ:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ի՞նչ է վրացական եկեղեցւոյ դժգոհութեան պատճառը՝ Վաշածէ պատասխանած է. «Գիտէք, այն հանդիպումներէն ետք, որոնք եղած են նաեւ ինծի հետ, այդ դժգոհութիւնը կտրուկ կը նուազի»:

comments