Էշթըն «Մինչեւ Տարեվերջ» Համաձայնելու Կոչ Կ՛ընէ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի

By Asbarez | Monday, 11 July 2011

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի. Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովական հարցերով գերագոյն ներկայացուցիչ Քաթրին Էշթըն, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին, Հինգշաբթի, Յուլիս 7ին յայտարարած է, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է կրկնապատկեն ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու համար։

«Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով որոշումի գոյացման ժամանակը եկած է։ Ցաւօք, Քազանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ակնկալուած բեկումը տեղի չունեցաւ։ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները չկրցան օգտուիլ հնարաւորութենէն, որպէսզի հասնին փոխզիջումի», յայտարարած է ան, աւելցնելով, որ կողմերը պէտք է հաւատարիմ մնան հակամարտութիւնը դիւանագիտական ճանապարհով լուծելու ընտրանքին։

«Կողմերը պէտք է կրկնապատկեն ջանքերը, որպէսզի համաձայնութեան հասնին մինչեւ տարուան վերջը», ըսած է Էշթըն, ընդգծելով, որ 2012ին Հայաստանի, ապա նաեւ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւնները կրնան դանդաղեցնել բանակցային գործընթացը։

Էշթըն նաեւ յայտարարած է, որ ներկայ կացութեան պահպանումը անընդունելի է եւ հակամարտութեան լուծումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանի զարգացման վրայ։

«Այս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը Եւրոպական Միութեան համար առանցքային ռազմավարական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ: Հակամարտութեան լուծումը կարելիութիւն պիտի տայ Հարաւային Կովկասը տնտեսական կայունութեան ուղիի վրայ տեղափոխելու։ Սահմանները կրնան բացուիլ ոչ միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, այլ նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, եւ այդպիսով՝ տարածաշրջանի պետութիւնները կրնան իրարու աւելի մօտ ըլլալ», աւելցուցած է ան։

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ներկայացուցիչը ըսած է նաեւ, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու հակամարտութեան կարգաւորման գործին եւ յատկապէս՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին։

«Մենք ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին հետ պարբերաբար խորհրդակցութիւններ կը կատարենք, թէ ի՞նչ բանով կրնանք օգնել այդ հարցին մէջ», ըսաւ Էշթըն, աւելցնելով, որ հակամարտութեան վերաբերող հարցերը քննարկելու նպատակով, ան կը պատրաստուի Հայաստան եւ Ատրպէյճան այցելելու։

comments