By Asbarez | Monday, 18 July 2011
ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուց իր երկրին 61րդ կառավարութեան ծրագիրը։
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան ընդգծած է, թէ իր կառավարութիւնը պիտի շարունակէ գործադրել տարածաշրջանին եւ միջազգային ասպարէզին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը ընդարձակելու ուղղութեամբ ջանքերը, եւ նշած, որ Անգարա ջանքեր պիտի գործադրէ՝ շարք մը միջազգային խնդիրներու կարգաւորման հարցին մէջ ներդրում ապահովելու համար։
Ընդգծելով, որ Կովկասի խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումն ու պահպանումը Թուրքիոյ համար ռազմավարական տեսանկիւնէ կարեւոր նշանակութիւն ունի՝ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան, խաղաղութեան հաստատման, «ատրպեճանական տարածքներու բռնագրաւման վերջ դնելու» եւ այդ ձեւով՝ Կովկասի բոլոր հարեւան հասարակութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ջանքերը։
Ան նաեւ ընդգծած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ