Ուաշինկթընի Մէջ՝ Լաւրով Արցախի Հարցով Խորհրդակցութիւններ Կ՛ունենայ

By Asbarez | Monday, 18 July 2011

Ուաշինկթընէն լաւատեղեակ աղբիւրներ Ատրպէյճանի «Թուրան» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ Կիրակի, Յուլիս 10ին Ուաշինկթըն ժամանած էր, երեք օրերուն ընթացքին տարբեր մակարդակներու վրայ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ կը քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման վերաբերեալ իր երկրին առաջարկները։

Ուաշինկթընեան աղբիւր մը նշած է. «Մենք կ՛ողջունենք այս հարցին մէջ Ռուսիոյ հետեւողականութիւնը, սակայն վերջին առաջարկներու մանրամասնութիւնները մեզի ծանօթ չեն։ Մենք զանոնք պիտի քննարկենք պարոն Լաւրովի այցելութեան ընթացքին։ Ըլլալով ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիր՝ Միացեալ Նահանգներ կը միանան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու Ռուսիոյ ջանքերուն»։

Նշենք, որ Լաւրով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն յանձնած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահին առաջարկները, որոնք քննարկուած են վերջերս երեք երկիրներու նախագահներու ձեւաչափով եւ Մինսկի խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ։

Իր կարգին, «Նիուզ» կը հաղոդէ, թէ Լաւրով Երկուշաբթի, Յուլիս 11ին հանդիպում մը ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէի (Ֆրանսա), Ռապըրթ Պրատթքէի (ԱՄՆ) եւ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ, քննելով խմբակի հետագայ աշխատանքները, հաշուի առնելով Յունիս 24ին Քազանի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման արդիւնքները, ինչպէս նաեւ համանախագահող երկիրներուն ջանքերը:

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Շաբաթ օր լրագրողներուն յայտնած է, թէ Պաքու կ՛ուսումնասիրէ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի առաջարկները, ու մանրակրկիտ քննարկումէ ետք պատասխան պիտի տայ։

Ըստ անոր, համանախագահ երկիրները կը հասկնան, որ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը պահպանելը անընդունելի է։

«Ներկայիս հակամարտութեան կողմերը կ՛աշխատին փաստաթուղթի մը վրայ, որուն հիմքը Մատրիտեան նորացուած սկզբունքներն են, եւ Հայաստան պէտք է հասկնայ, որ այդ աշխատանքը պէտք է շարունակուի առանց զգացականութեան։ Առաջին հերթին, Հայաստան պէտք է զօրքերը հեռացնէ բռնագրաւուած շրջաններէ, ինչ որ պիտի յանգեցնէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման, իսկ ատիկա ձեռնտու է ինքնին Հայաստանին», ըսած է Մամետեարով։

Մամետեարով լրագրողներուն նաեւ յայտնած է, թէ Յուլիս 17-18ին, Լաւրովի հրաւէրով Ռուսիա պիտի այցելէ։

comments