Մետվետեւ Եւ Օպամա Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

By Asbarez | Monday, 18 July 2011

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Վեսթի» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Երկուշաբթի, Յուլիս 11ին Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է։ Օպամա ցաւակցութիւն յայտնած է «Պուլկարիա» շոգենաւի արկածին կապակցութեամբ, որուն զոհ գացած էր մօտաւորապէս 120 հոգի, ապա անդրադարձած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին։

Միացեալ Նահանգներու նախագահը բարձր գնահատած է Քազանի մէջ կայացած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման ընթացքին Մետվետեւի գործադրած ջանքերը՝ ուղղուած հակամարտութեան կարգաւորման։

Նախագահները երկուստեք մտադրութիւն յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար՝ միասնական քայլերու ձեռնարկելու։

comments