By Asbarez | Tuesday, 26 July 2011
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ, որուն հետ, այլ հարցերու կողքին, քննարկած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։
Քլինթըն թրքական ընդդիմութիւնը մեղադրած է հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացը խոչընդոտելուն համար, որուն իբրեւ պատասխան՝ Քըլըչտարօղլու զարմանք արտայայտած է։
«Հանդիպումներուս ընթացքին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հարցուցի, թէ Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները ինչո՞ւ խորհրդարանի օրակարգ չեն անցնիր եւ ինծի պատասխանեցին, թէ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը այդ արձանագրութիւններուն դէմ կ՛արտայայտուի, եւ իբրեւ հետեւանք՝ այդ փաստաթուղթերը վաւերացման համար խորհրդարան չեն ներկայացուիր», ըսած է Քլինթըն։
Ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավարը, նշելով, թէ ինք ուղղակի ապշած է Քլինթընի խօսքերէն՝ ըսած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէ եւ ցանկութեան պարագային, կրնայ վաւերացման ներկայացնել եւ վաւերացնել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները։ «Սակայն կառավարութիւնը նիւթին առնչութեամբ մեզի որեւէ տեղեկութիւն չի տրամադրեր։ Նոյնիսկ արձանագրութիւններու բովանդակութեան մասին մամուլէն տեղեկացած ենք։ Իշխանութիւնները ոչ միայն հայ-թրքական յարաբերութիւններու, այլ նաեւ ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շատ հարցերու մէջ կը նախընտրեն մեզի տեղեկութիւն չտրամադրել», ըսած է Քըլըչտարօղլու։
Թրքական լրատուամիջոցներու տեղեկութեամբ, Քլինթըն Թուրքիոյ մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Ազգայնամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը մերժած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպիլ։
Ռուսական «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քլինթըն Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մերձեցման գործընթացը վերաթարմացնել։ Ան Շաբաթ օր Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի, վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումներ ունեցած էր։ Անոնց բոլորին հետ ան, այլ նիւթերու կողքին, նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման նիւթը քննարկած է։ Ան նշած է, որ ատիկա դարու նախագիծը պիտի ըլլայ։
Քլինթըն նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագարութիւններու վաւերացման եւ Երեւանի հետ Անգարայի վստահութեան ամրապնդման այլ միջոցներու մշակման ի նպաստ արտայայտուած է։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ