Եթէ Արցախի Պատերազմը Վերսկսի՝ Եգիպտոս Պիտի Աջակցի Ատրպէյճանին

By Asbarez | Tuesday, 26 July 2011

ՊԱՔՈՒ.- «ՍալամՆիուզ» կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Սապեր Մանսուր յայտնած է, թէ Եգիպտոս ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման կողմնակից է, սակայն եթէ պատերազմ սկսի, ան պիտի աջակցի Ատրպէյճանին։

Դեսպանը «ՍալամՆիուզ»ի յայտնած է. «Մենք կ՛աջակցինք ՄԱԿի բանաձեւներու ծիրին մէջ խնդիրի կարգաւորման։ Մենք կ՛ուզենք, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորուի խաղաղ ճանապարհով, որովհետեւ խաղաղութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի: Եգիպտոս Ատրպէյճանի բարեկամ եւ եղբայր երկիր է եւ եթէ Ատրպէյճանին այլընտրանք չմնայ ու պատերազմի սկսի, մենք Ատրպէյճանին պիտի աջակցինք»։

comments

Advertisement