Ըստ Ալիեւի՝ Արցախ Երբեք Հայաստանի Մաս Չէ Կազմած

By Asbarez | Tuesday, 26 July 2011

ՊԱՔՈՒ.- «ՍելամՆիուզ» կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքու այցելող Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից եօթը շրջաններուն մէջ երբեք հայեր չեն ապրած։

«Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը երկար պատմութիւն ունի։ Ատիկա հիմնախնդիր է ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլ ամբողջ տարածաշրջանին համար։ Այդ հակամարտութիւնը սկսած է Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներուն։ Ատրպէյճանցիներու դէմ կատարուած ցեղային զտումներու քաղաքականութեան հետեւանքով, մենք այսօր մէկ միլիոն փախստական եւ տեղահանուած ունինք։ Լեռնային Ղարաբաղը վերածուած է բացարձակապէս միատարր կառոյցի մը. այնտեղ ոչ մէկ ատրպէյճանցի մնացած է։ Իսկ նախքան հակամարտութիւնը, ատրպէյճանցիները այնտեղ բնակչութեան քսան առ հարիւրը կը կազմէին։ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից եօթը շրջաններէն, որոնք երբեք Ղարաբաղի մաս չեն կազմած եւ ուր երբեք հայեր չեն ապրած, վտարուած է շուրջ 700 հազար ատրպէյճանցի», ըսած է Ալիեւ։

Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ կացութեան պահպանման համար Հայաստանը մեղադրելով՝ Ալիեւ ըսած է. «Անոնք կ՛ուզեն լքել գրաւեալ տարածքները եւ բանակցային գործընթացին մէջ կը փորձեն Լեռնային Ղարաբաղին համար անկախութիւն ապահովել։ Սակայն պատմական Լեռնային Ղարաբաղը երբեք Հայաստանի մաս չէ կազմած։ Նաեւ, անիկա կը գտնուի Ատրպէյճանի կեդրոնը։ Ներկայ պահուս ատիկա չվերահսկուող տարածք է։ Ինչ կը վերաբերի միջնորդներու եւ Ատրպէյճանի առաջարկներուն, ապա ատիկա փոխզիջումներու վրայ հիմնուած արդար մօտեցում է։ Ատոր իբրեւ արդիւնք, բոլոր անոնց, որոնք կ՛ապրին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, հնարաւոր է որ շնորհուի ինքնավարութեան բարձր մակարդակ, եւ միեւնոյն ժամանակ՝ պիտի վերականգնուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը»։

Միւս կողմէ, ըստ ատրպէյճանցի երեսփոխան Էլհան Սուլէյմանովի, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան անդամները այցելած են Պաքուի հայկական եկեղեցին։ Ան նշած է, որ հայկական եկեղեցի այցելելէ ետք, եւրոպացի խորհրդարանականները անգամ մը եւս համոզուած են, որ «Ատրպէյճանի մէջ կրօնական եւ ազգային խտրականութիւն գոյութիւն չունի»։

comments