By Մարմարա | Tuesday, 26 July 2011
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Խումբ մը թուրք լրագրողներ, որոնք այս օրերուն Ատրպէյճան կը գտնուին,
Հինգշաբթի, Յուլիս 21ին ընդունուեցան երկրի փոխվարչապետ Ալի Հասանովի կողմէ, որ «եղբայրական Թուրքիոյ» ջերմ պատգամներ յղելէ ետք, լրագրողներուն մտերիմ յայտարարութիւններ ըրաւ կողմերը հետաքրքրող կարգ մը կարեւոր հարցերու շուրջ։
Այս հարցերը կը վերաբերէին մասնաւորաբար Թուրքիա-Հայաստան փրոթոքոլներու առնչութեամբ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու խիստ ժխտական վերաբերումին, գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսը պաշտօնապէս չճանչնալու ներքին հանգամանքներուն, Ղարաբաղեան հակամարտութեան, Թուրքիա-Ատրպէյճան վիզայի դրութիւնը ջնջելու հարցին, եւ այլն։
Գրաւեալ Կիպրոսը ճանչնալու հարցին մասին խօսելով՝ Ալի Հասանով ընդգծեց, թէ Թուրքիա իրաւունք ունի ակնկալելու, որ Ատրպէյճան պիտի ճանչնայ շրջանի թրքական «պետութիւնը», սակայն, ըստ իրեն, Թուրքիա հասկացողութիւն ցոյց պէտք է տայ Ատրպէյճանին։
«Եթէ մենք ճանչնանք հիւսիսային Կիպրոսը, ուրիշ պետութիւններ ալ անպայման Ղարաբաղը կը ճանչնան միջազգային գետնի վրայ», ըսաւ Հասանով, ընդգծելով, որ թուրք քաղաքագէտներ շատ լաւ կը հասկնան ասիկա։ «Թրքական Կիպրոսը մեզի համար ալ կարեւոր է, բայց եթէ ճանչնանք այդ երկրի անկախութիւնը, անմիջապէս, նուազագոյնը՝ 15 պետութիւններ կը փոխադարձեն ու անմիջապէս կը ճանչնան Ղարաբաղը։ Եթէ նժարի վրայ դնենք, վնասը աւելի մեծ պիտի ըլլայ քաղաքական գետնի վրայ։ Թուրքիա չ՛ուզեր այդպիսի բան մը», ըսաւ Հասանով։
Ղարաբաղեան հարցի մասին մեկնաբանութիւններ ընելով, ան ըսաւ, որ 2001ին ինք կը խորհէր, թէ ժամանակը Ատրպէյճանի ի նպաստ պիտի գործէր, սակայն հիմա նոյն տեսակէտը չի բաժներ, եւ որքա՛ն ժամանակը կ՛երկարի, հարցը աւելի՛ խորունկ բնոյթ կը ստանայ։
«Ժամանակը միայն տնտեսական առումով է, որ Ատրպէյճանի ի նպաստ ծառայեց, բայց քաղաքական գետնի վրայ՝ հակառակը տեղի ունեցաւ։ Միշտ կ՛ըսենք, որ եթէ այսպէս շարունակուի, պիտի ստիպուինք կրկին ռազմական գործողութիւններու սկսելու։ Մենք կ՛ուզենք Թուրքիան մեր ետին տեսնել այդպիսի պահու, բայց միջազգային իրաւագիտութեան հարց մը կայ։ Ռուսիա ու Հայաստան ռազմավարական դաշնակիցներ են ու ռազմական համագործակցութեան կարեւոր պայմանագրեր ունին, ուստի հաւանական պատերազմի մը ընթացքին, ռուսեր անպայման պիտի զօրակցին Հայաստանի։ Թուրքիա չի կրնար մեզի հետ ըլլալ, բայց գիտենք, որ քաղաքական գետնի վրայ զօրակցութիւնը անպակաս պիտի ըլլայ։ Գիտենք նաեւ, որ եթէ թուրքեր մասնակցին այդպիսի պատերազմի, ատիկա պիտի ըլլայ թուրքերու եւ ռուսերու միջեւ պատերազմ մը, որ անընդունելի է մեզի համար», նշեց փոխվարչապետը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ