Տինքը Սպաննած Ոճրագործը 23 Տարուան Բանտարկութեան Կը Դատապարտուի

By Asbarez | Tuesday, 26 July 2011

ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յուլիս 25ին, Պոլսոյ անչափահասներու յատուկ ատեաններէն մէկը, 22 տարուան եւ 10 ամսուան բանտարկութեան դատապարտեց «Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթը:

Ոճիրը տեղի ունեցած էր Յունուար 19, 2007ին, որմէ ետք տասնեակներով կասկածելիներ ձերբակալուած են:

Ամբաստանեալներու շարքին կան նաեւ Սամասթը այս սպանութեան մղած ազգայնամոլներ եւ ոստիկաններ, ինչպէս նաեւ ոստիկանապետներ, որոնք գիտնալով հանդերձ, թէ Տինքի կեանքը վտանգուած է, բաւարար քայլերու չէին դիմած անոր ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:

Սամասթ, որուն դատավարութիւնը սկսած էր չափահասներու ատեանի մը մէջ, աւելի ուշ սկսած էր դատուելու անչափահասներու ատեանի մը մէջ, որովհետեւ ան 18 տարիքը չէր բոլորած, երբ ոճիրը գործած էր: Անոր պատիժը աւելի ծանր պիտի ըլլար, եթէ դատավարութիւնը անչափահասներու ատեան չփոխադրուէր:

«Ակօս»ի խմբագիր Էյթեն Մահչուփեան ողջունեց ատեանին խիստ վճիռը, իսկ Տինքի ընտանիքին փաստաբաններէն Ֆեթհիէ Չեթին յոյս յայտնեց, որ այս վճիռը պատճառ կը հանդիսանայ, որ նման ոճորներ չկրկնուին:

Յիշեցնենք, որ դատավարութիւնը տեղի կ՛ունենար միջազգային եւ յատկապէս Եւրոմիութենէն դէտերու հսկողութեան տակ:

Նաեւ, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան մը անցեալ տարի 100,000 եուրօ վճարելու վճիռ արձակած էր Թուրքիոյ դէմ, պնդելով, որ Անգարա բաւարար լրջութեամբ չէր մօտեցած Տինքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու դիմումներուն:

comments