By Asbarez | Monday, 01 August 2011
ՊԱՔՈՒ.- Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմարովսքի Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման հարցով՝ տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքները տարանջատելի չեն:
Ըստ «Ազատլըք» ատրպեճանական լրատու գործակալութեան, Իլհամ Ալիեւի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, նախագահ Քոմարովսքի, ԼՂ խնդիրի լուծման վերաբերեալ հարցին տուած պատասխանին մէջ խուսափած է աջակցելէ Ատրպէյճանի դիրքորոշման: Աւելին, ան շեշտած է ազգերու ինքնորոշման սկզբունքին կարեւորութիւնը:
«Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը պէտք է լուծուի խաղաղ ճանապարհով: Տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը կարեւոր ըլլալով՝ հաւասարապէս կարեւոր է նաեւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը: Ամենավտանգաւորը այն է, որ շատերը անոր կը մօտենան՝ մղուած աշխարհագրութեան եւ քաղաքական պայմաններէն», ըսած է Պ. Քոմարովսքի:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ