Իսրայէլի ԱԳՆ. «Հայաստանի Նախագահէն Ներողութիւն Պահանջող Էրտողանէն Ո՞վ Ներողութիւն Պիտի Պահանջէ»

By Asbarez | Monday, 01 August 2011

ԹԵԼԱՒԻՒ.- Անգարայի կողմէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հասցէին հնչած քննադատութիւններուն անդրադարձած է նաեւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ):

Ինչպէս կը գրէ իսրայէլեան «Ճերուզալէմ Փոս»չ հեղինակաւոր պարբերականը, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներէն մէկը, որուն անունը չի նշուիր, քննադատած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի պահուածքը:

«Իսկ ո՞վ պէտք է Էրտողանէն ներողութիւն պահանջէ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածը գրաւելուն համար», յայտարարած է իսրայէլացի պաշտօնատարը:

«Ճերուզալէմ Փոս»չը, յիշեցնելով անցեալ տարի «ազատութեան տորմիղ»ի միջադէպին պատճառով Անգարայի առաջադրած նախապայմանները Թել Աւիւին՝ կը գրէ, թէ Իսրայէլ այլեւս աշխարհին մէջ միակ երկիրը չէ, որմէ Թուրքիան ներողութիւն կը պահանջէ:

«Էրտողան եւս մէկ ներողութիւն կը պահանջէ, այս անգամ՝ Հայաստանէն», կը գրէ թերթը:

comments