By Asbarez | Tuesday, 09 August 2011
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Մոսքովսքիէյ Նովոսթի» օրաթերթը կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ այսօր իր ատրպէյճանցի գործընկերոջ՝ Իլհամ Ալիեւի, հետ պիտի ունենայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին պիտի փորձէ վերակենդանացնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։
«Երեքշաբթի օր Տմիթրի Մետվետեւ հանդիպում պիտի ունենայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Հանդիպման հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։ Եթէ բանակցութիւնները բնական ձեւով ընթանան, յաջորդ քայլը, հաւանաբար, պիտի ըլլայ Մետվետեւի հանդիպումը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որուն ալ պիտի յաջորդէ եռակողմ ձեւաչափով հանդիպում», կը գրէ օրաթերթը։
Անրդադառնալով Յունիսին Քազանի մէջ Մետվետեւի, Սարգսեանի եւ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման, «Մոսքովսքիյէ Նովոսթի» վկայակոչելով իր անանուն աղբիւրները՝ կը գրէ. «Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ձախողութիւնը կը բացատրուի այն բանով, որ հայ եւ ռուս դիւանագէտները գերագնահատեցին քաղաքական զիջումներու ծաւալը, զոր կրնար կատարել Պաքուն։ Իսկ Մետվետեւ ստիպուած եղաւ հրատապ կերպով ուղղել իր ենթականերուն սխալները։ Ան Սարգսեանի եւ Ալիեւի ուղարկեց նամակ մը, որուն մէջ ներկայացուած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման իր տեսլականը», կը գրէ օրաթերթը՝ նշելով, որ Մետվետեւ նամակը գրած ատեն հաշուի առած է ատրպեճանական կողմի որոշ դիտողութիւնները։
«Եւ ճիշդ այդ էր պատճառը, որ նամակին առաջին պատասխանը տուաւ Պաքուն։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, Յուլիսին ժամանեց Մոսկուա եւ Սերկէյ Լաւրովին փոխանցեց Ալիեւի պատասխանը։ Աւելի ուշ Մետվետեւին պատասխանեց նաեւ հայկական կողմը», կը գրէ ռուսական օրաթերթը՝ որոշ հատուածներ մէջբերելով քաղաքագէտ Ալեքսէյ Վլասովի հետ իր հարցազրոյցէն։
«Մոսկուայի պետական համալսարանի յետխորհրդային տարածքին մէջ հասարակական-քաղաքական գործընթացներու հետազօտութեան տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոնի գլխաւոր տնօրեն Ալեքսէյ Վլասով, վկայակոչելով անանուն աղբիւրներ՝ կ՛ըսէ, թէ ատրպեճանական կողմը համաձայնած է Մետվետեւի նամակին մէջ տեղ գտած դրոյթներուն։ Սակայն, թէ ի՛նչ պատասխանած է Սերժ Սարգսեանը, առայժմ յայտնի չէ։ Վլասովի կարծիքով՝ ճիշդ այդ է պատճառը, որ Ռուսիոյ նախագահը որոշած է առաջինը հանդիպիլ ոչ թէ Սարգսեանի, այլ՝ Ալիեւի հետ։ Ըստ քաղաքագէտին, նախագահներուն միջեւ հերթական եռակողմ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ միայն այն ատեն, երբ Մոսկուա երաշխիքներ ստանայ, թէ հակամարտող կողմերը պատրաստ են ստորագրելու այն փաստաթուղթը, որուն ստորագրումը կը նախատեսուէր Քազանի մէջ», կը գրէ օրաթերթը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ