Օպաման Ցեղասպանութեանց Առնչուած Անձերու ԱՄՆ Մուտքը Արգիլած Է

By Asbarez | Sunday, 14 August 2011

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, մարդկային իրաւանց ոտնահարման, ցեղասպանութիւններու եւ ռազմական յանցանքներու հետ առնչուած անձերու Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլած է, եւ որոշած է «Չարագործութիւններու կանխարգիլման միջգերատեսչական աշխատանքային խումբ» ստեղծել։

Օպամայի կողմէ ստորագրուած եւ Սպիտակ տան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Այդ անձերուն Միացեալ Նահանգներ մուտքը կրնայ վնասել մեր երկիրի շահերը։ Երկիր մուտք գործելու արգելքը կը վերաբերի բոլոր այն անձերուն, որոնք ծրագրած, հրամայած կամ օգնած են բռնութեան զանգուածային գործողութիւններ կատարելու քաղաքացիական ազգաբնակչութեան դէմ՝ ցեղային, սեռային պատկանելիութեան, սեռական կողմնորոշման, որոշակի ընկերային կամ ազգային պատկանելիութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական տեսակէտներու պատճառով»։

Նախագահ Օպամա Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը լիազօրած է որոշելու այս կամ այն անձերուն «անբաղձալիութեան» աստիճանը եւ պարտաւորած է զինք հետեւելու հրամանագիրի կատարման ընթացքին։

Օպամա նաեւ փոխնախագահին, ելեւմուտքի, արդարադատութեան, պաշտպանութեան, ներքին գործոց նախարարներուն եւ արտաքին գործոց նախարարութեան յանձնարարած է համապարփակ հետազօտութիւններ կատարելու եւ «զանգուածային չարագործութիւնները Միացեալ Նահանգներու կողմէ կանխարգիլելու» ուղիներ փնտռել։

Այդ հետազօտութիւնը պիտի կատարուի ցեղասպանութեան կանխարգիլման խմբակի համանախագահներ, արտաքին գործոց նախկին նախարարներ Մատլեն Օլպրայթի եւ Ուիլեըմ Քոհենի առաջարկներուն հիմամբ։ Այդ խմբակը ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մըն է, որ հիմնադրուած է Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան հիմնարկի եւ Ողջակիզումի ամերիկեան թանգարանի աջակցութեամբ։

Նախագահ Օպամա մարդկային իրաւանց ոտնահարման ու ցեղասպանութեան հետ կապ ունեցող անձերուն Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելը արգիլելու մասին որոշումը կայացուցած է՝ Ազգային անվտանգութեան վերջերս հրապարակած ռազմավարութեան ծիրէն ներս։

comments