Էրտողանի ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավարը Ցեղասպանութեան բանաձեւին կ՛անդրադառնայ

By Asbarez | Tuesday, 15 April 2014


 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան փոխկուսակցապետ Ֆարուք Լօղօղլու կարծիք յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին մասին՝ պնդելով, թէ Ուաշինկթընի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները վերջերս դիւրաբեկ դարձած են, ինչ որ դժուար վիճակի կրնայ մատնել Թուրքիան։


Լօղօղլու ըսաւ, որ այս բանաձեւը երկար ընդմիջումէ մը ետք՝ առաջինն է, որ Ծերակոյտի մակարդակով վաւերացուած է եւ աւելցուց, թէ ազդանշաններ կան, թէ Ամերիկայի կառավարութիւնը այս հարցով առաջուան չափ ճնշում պիտի չբանեցնէ Քոնկրեսին վրայ։ «Արդէն իսկ Ամերիկա անհանգիստ է կարգ մը կէտերէ: Օրինակ՝ անհանգիստ է կարգ մը հիմնական ազատութիւններու բռնաբարումէն, անհանգիստ է Իսրայէլի դէմ Թուրքիոյ ընդունած քաղաքականութենէն։ Իսկ հայերը, մասնաւորաբար Ամերիկայի մէջ, ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումներու հարիւրամեակի նախօրեակին իրենց ի նպաստ որոշում ապահովեն թէ՛ Ներկայացուցիչներու տունէն եւ թէ Ծերակոյտէն։ Մեր առջեւ դժուար շրջան մը կայ։ Մենք պիտի նախընտրենք, որ 2015ը բեկումի տարի չըլլայ, այլ ընդհակառակը՝ ըլլայ ժամադրութեան տարի։ Հայերը ո՛չ իրենց պնդումները պիտի կարենան պարտադրել մեզի, ո՛չ ալ պիտի ընդունին մեր տեսակէտները, ուրեմն ճիշդ կ՛ըլլայ, որ 2015ը մեկնաբանուի ստեղծագործական մերձեցումով, որպէսզի իրարու հետ ժամադրուինք՝ երկու կողմէն ընդունելի կէտի մը վրայ», ըսաւ Լօղօղլու։
Լօղօղլու, խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նաեւ քննադատեց Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը եւ յիշեցուց, որ արտասահմանին մէջ յամառօրէն կը պնդուի, թէ Սուրիոյ վրայ կատարուած քիմիագիտական յարձակումը կատարուած էր ոչ թէ Սուրիոյ պաշտօնական իշխանութեանց կողմէ, այլ կարգ մը շրջանակներու կողմէ, որոնց մաս կը կազմէ նաեւ Թուրքիա։ «Այս պնդումները հերքուեցան Թուրքիոյ կողմէ, բայց նման պնդումներու տէրերը յառաջ կը քշեն տեղեկութիւններ ու փաստաթուղթեր, որոնք չեն կրնար անտեսուիլ», ըսաւ ան։

«Իշխող կուսակցութիւնը Սուրիոյ հարցին մէջ պէտք է ըլլայ աւելի թափանցիկ ու աւելի համոզիչ: Եթէ Թուրքիան գիտէ, թէ քիմիագիտական զէնքերը որո՞նց կողմէ գործածուած են, ապա պէտք է բացատրութիւն տայ ամբողջ աշխարհին։ Պայման է նաեւ, որ կառավարութիւնը ջնջէ Թուրքիոյ հանրային կարծիքին կասկածները», եզրափակեց Լօղօղլու։


comments

Advertisement