Էրտողան ծանր խօսքերով թիրախ դարձուցած է Սահմանադրական ատեանը

By Asbarez | Tuesday, 15 April 2014

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ շրջանային վերջին ընտրութիւններէն ետք կը շարունակէ շատ ծանր խօսքերով ասպարէզ կարդալ ընդդիմադիր նկատուած բոլոր ուժերուն, այս անգամ թիրախ դարձուցած է Սահմանադրական ատեանը, որ վերջերս իր վճիռներով զայրոյթ պատճառած է Էրտողանին։


Սահմանադրական ատեանը ապօրինի նկատած էր «Թուիթըր»ի դէմ պետական արգելքը, ինչպէս նաեւ ջնջած էր կառավարութեան կողմէ պատրաստուած եւ խորհրդարանին վաւերացուցած նոր օրէնքը, որ կը վերաբերէր Դատախազներու եւ դատաւորներու վարչութեան։

Սահմանադրական ատեանի այս երկու որոշումները լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած են կառավարութեան շրջանակներէն ներս:
Այս պատճառով ալ, Էրտողան իր մէկ ճառախօսութեան ընթացքին յստակ կերպով ըսած է. «Եթէ քաղաքականութիւն պիտի ընէք, ապա իրաւագէտի ձեր պատմուճանը հանեցէք»։

Թրքական մամուլը կ՛ակնկալէ, որ Սահմանադրական ատեանի նախագահ Հաշիմ Քըլըճ մօտիկ ապագային պատասխանէ Էրտողանի այս ամբաստանութեան՝ հաւանաբար Ապրիլ 25ին, որ Սահմանադրական ատեանի հիմնադրութեան 52րդ տարեդարձն է։


comments

Advertisement