« «Թուիթըր»ը կրնայ վարչակարգեր փոխել »

By Asbarez | Wednesday, 16 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».– ««Թուիթըր»ը այսօր հզօր գործիք է, որ կրնայ նոյնիսկ վարչակարգեր փոխել», 16 Ապրիլին «Սիվիլնէթ»ի կեդրոնէն յայտարարած է «Թուիթըր»ի փոխնախագահ Րաֆֆի Գրիգորեան:


«Թուիթըր»ը այսօր կարեւոր գործիք է, որ կրնայ փոխել պատմութեան ուղղութիւնը, խնդիրներ վեր առնել, նոր ուղղութիւններ առաջարկել», ընդգծած է ան:
Անոր համաձայն՝ ընկերային ցանցերուն մէջ օրական «թուիթ»ներուն թիւը կը հասնի շուրջ 500 միլիոնի:

Նշենք, որ «Թուիթըր»ի փոխնախագահը «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնին մէջ 18 Ապրիլին՝ ժամը 18:00ին, բաց դասախօսութիւն պիտի տայ՝ ծրագրային մշակման կառավարման թեմային շուրջ՝ ներկայացնելով «Թուիթըր»ի մէջ իր աշխատանքային փորձառութիւնը։ Դասախօսութիւնը պիտի սփռուի նաեւ «Սիվիլնեթ» կայքէն։


comments

Advertisement