By Արմէնփրէս | Sunday, 14 August 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Սպրիլ 24ը Իսրայէլի մէջ իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր հռչակելու վերաբերեալ երկու բանաձեւներու քննարկումները կ՛ակնկալուին Հոկտեմբերին, կը յայտնէ Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Սեւանը, աւելցնելով, որ քննարկումները կ՛երկարաձգուին, որովհետեւ Իսրայէլի խորհրդարանը Օգոստոս 3էն մինչեւ Հոկտեմբերի սկիզբ արձակուրդի մէջ պիտի ըլլայ:
Նշենք, որ Յունիսին տեղի ունեցած քննարկումներուն արդիւնքով որոշուած էր Ապրիլ 24ը իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր սահմանելու մասին բանաձեւը քննել խորհրդարանի Կրթութեան յանձնաժողովին մէջ: Կ՛ակնկալուի, որ նոյն յանձնաժողովը քննէ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը:
Յիշեցնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, այս տարուան Մայիսին, խորհրդարանի կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնաժողովին ներկայացուած էր ձախակողմեան «Մերեց» կուսակցութեան կողմէ, իսկ բանաձեւին կ՛աջակցի Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գլխաւորած «Լիքուտ» կուսակցութիւնը:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը քննարկելու պահանջքը խորհրդարանական յանձնաժողովին մէջ հաւանութեան արժանացած էր ձայներու մեծամասնութեամբ: Մինչ կրթութեան յանձնաժողով ուղարկելը, խորհրդարանի նիստին բոլոր մասնակիցները, անոնց շարքին նաեւ՝ խորհրդարանի նախագահը, պաշտպանած էին քննարկումները շարունակելու որոշումը՝ ընդգծելով, որ Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները պէտք չէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու պատճառ դառնան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ