By Asbarez | Sunday, 14 August 2011
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելոաչվ տարածաշրջանին մէջ անանուն աղբիւր մը՝ կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Յուլիսին Թուրքիա այցելութեան ընթացքին ուրուագծուեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի նոր հեռանկարային քարտէսը՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումէն ետք, որ կապուած է ոչ միայն հակամարտութեան գօտիին մէջ միջազգային խաղաղապահներ տեղակայելու, այլ նաեւ հակամարտող կողմերուն որոշ տարածքային եւ հաղորդակցութեան փոխհատուցումներու հետ։
Ըստ աղբիւրին, խորհրդակցութիւններու ժամանակ Քլինթըն յիշեցուցած է. «Մենք (Միացեալ Նահանգները եւ Թուրքիան) պարտական ենք Հայաստանին այն, ինչ անոր խոստացած է նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընը»։
Աղբիւրը կը նշէ, որ այստեղ խօսքը ամենայն հաւանականութեամբ, հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացումէն եւ սահմաններու բացումէն ետք՝ Հայաստանին դէպի Տրապիզոնի նաւահանգիստ տարանցիկ միջանցքի տրամադրման մասին է։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանին փոխհատուցում տրամադրելու ծրագիրին մասին, որ կ՛իրականացուի Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզայի գլխաւորութեամբ, «Ռեկնում»ի աղբիւրը, առանց մանրամասնելու նշած է, թէ այդ մէկը «Մեծն Ատրպէյճան»ի ստեղծումը պիտի ըլլայ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ