Օճալան Նոպէլեան մրցանակի թեկնածո՞ւ

By Asbarez | Thursday, 17 April 2014

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Թէ.24» համացանցային թերթը կը հաղորդէ, թէ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի հիմնարկը որեւէ լուսաբանութիւն չէ ըրած այն պնդումներուն մասին, ըստ որոնց՝ Թուրքիայէն դիմում կատարուած է, որպէսզի այս տարուան խաղաղութեան մրցանակը յատկացուի ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանին։ Այս մասին տարաձայնութիւն մը շրջելու սկսած էր, երբ հիւսիսային Իրաքի շրջանային քրտական խորհրդարանի անդամներէն մէկը նշած էր, թէ դիմած է Նոպէլեան մրցանակի հիմնարկին՝ Օճալանը իբր թեկնածու առաջարկելով, ու պատասխան ստացած է, որ իր դիմումը ընդունուած է։ Հիմնարկը դիմումները գաղտնի կը պահէ:


comments

Advertisement