Ռուսիա իրաւունք ունի Ուքրանիա զօրք ուղարկելու. Փութին

By Asbarez | Friday, 18 April 2014

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 17ին, մինչ Ժընեւի մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոմիութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ Ուքրանիոյ տագնապը զինեալ խմբաւորումներու լուծարումով, գրաւուած շէնքերու յանձնումով, համաներումով եւ ռուսախօսներուն յաւելեալ իրաւանց ապահովումով լուծելու համաձայնութեան մասին կը յայտարարուէր, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի սփռուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զգուշացուց, որ Մոսկուա դէպի Ուքրանիա զօրք ուղարկելու իրաւունք ունի՛, սակայն ինք կը յուսայ, որ այդ իրաւունքը կիրարկելու պարտադրութեան տակ չի գտնուիր: Փութին յոյս յայտնեց, որ տագնապը երկխօսութեան ճամբով լուծուի, իսկ ուքրանական իշխանութիւնները զգուշացուց, թէ անոնք դէպի վիհ կ՛ուղղուին: Ան անհեթեթ նկատեց այն պնդումները, թէ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ռուսական մասնայատուկ ուժեր կը գործեն՝ շրջանը ապակայունացնելու նպատակով: Ռուսիոյ նախագահը այն կարծիքը յայտնեց, որ որոշ ուժեր կ՛ուզեն Ռուսիան մասնատել Եուկոսլաւիոյ օրինակով՝ աւելցնելով. «Ռուսիան եւ Ուքրանիան իրարու դէմ հանել, բաժնել ու մաս-մաս ընել միասնական ժողովուրդը՝ միջազգային քաղաքականութեան նիւթ է հարիւրամեակներէ ի վեր»: Փութին դիտողներուն յիշեցուց, որ ցարական Ռուսիան արեւելեան Ուքրանիան «Նոր Ռուսիա» կը կոչէր: Ան ըսաւ նաեւ, որ Ռուսիա Խրիմի մէջ քայլ առած է մասամբ մեկնելով այն մտավախութենէն, որ Ուքրանիա կրնայ բռնակցուիլ ՆԱԹՕի, մինչ վերջինս դէպի արեւելք կ՛ընդարձակէ իր սահմանները: Փութին նաեւ ահիմն համարեց ամերիկեան քննադատութիւնները՝ յիշեցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները նոյնանման արարքներու դիմած են Եուկոսլաւիոյ, Իրաքի, Աֆղանիստանի եւ այլ երկիրներու մէջ:


Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան «Սի.Պի.Էս» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Կատարելապէս յստակ է, որ Ռուսիա անցեալ ամիս Խրիմը իրեն կցելով՝ Ուքրանիոյ գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը ոտնահարեց: Ռուսիա կը շարունակէ ոտնահարումները Ուքրանիոյ հարաւային եւ արեւելեան շրջաններուն մէջ՝ աջակցելով ապօրինի զինեալ խմբաւորումներուն»: Օպամա զգուշացուց, որ «Ռուսիա պատժամիջոցներ պիտի դիմագրաւէ, եթէ շարունակէ կատարել այնպիսի արարքներ, որոնք Ուքրանիոյ կայունութիւնը կը քայքայեն», սակայն աւելցուց, թէ համոզուած է, որ Մոսկուա զինուորական տագնապի մը չի ձգտիր:


comments

Advertisement