«Թուիթըր» կը մերժէ Թուրքիոյ մէջ գրասենեակ բանալու պայմանը

By Asbarez | Friday, 18 April 2014

ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- «Թուիթըր»ի հանրային քաղաքականութեան հարցերով փոխնախագահ Քոլին Քրոուէլ յայտարարեց, որ ընկերային այս ցանցը գրասենեակ պիտի չբանայ Թուրքիոյ մէջ, հակառակ Թուրքիոյ իշխանութեանց պահանջին, սակայն որոշ խնդրայարոյց նիւթեր պիտի վերցնէ։


Այս շաբթուան ընթացքին Թուրքիա այցելած Քրոուէլ դիտել տուաւ, որ գրասենեակ բանալու հարցով չէ կրցած համաձայնութիւն գոյացնել թրքական իշխանութիւններուն հետ, որոնք այդ քայլերով կը փորձէին ընկերութեանց գործունէութինը գոնէ մասամբ իրենց հակակաշիռին տակ առնել։

Յիշեցնենք, որ Մարտ 20ին, Թուրքիոյ մէջ արգիլուեցաւ «Թուիթըր»ի օգտագործումը։ Փակումէն քանի մը ժամ առաջ, վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան իր նախա-ընտրական արշաւի հանրահաւաքներէն մէկուն ընթացքին յայտարարած էր, թէ արմատախիլ պիտի ընէ «Թուիթըր»ը՝ աւելցնելով. «Մեզի համար կարեւոր չէ, թէ արտաքին աշխարհը ի՞նչ կ՛ըսէ»: Աւելի ուշ, Սահմանադրական ատեանը հակասահմանադրական նկատած էր «Թուիթըր»ը արգիլման որոշումը:


comments

Advertisement