«Նախագահ Օպաման Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ ծանրակշիռ յայտարարութիւն պիտի կատարէ». Դեսպան Հեֆըրն

By Asbarez | Monday, 21 April 2014

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման 24 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ ծանրակշիռ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ, յայտարարած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, 21 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ «Առաջին Աշխարհամարտ. դաշնակիցներ, անհատներ, կոտորածներ» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացման արարողութեան ընթացքին:

Անոր համաձայն՝ արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերին եւ նախագահ Պարաք Օպաման քաջատեղեակ են 1915ի իրադարձութիւններէն: «Նախագահի յայտարարութիւնը խիստ ծանրակշիռ պիտի ըլլայ, պիտի ճանչցուի 1.5 միլիոն հայերու կոտորածին փաստը, բայց ես չեմ կրնար անոր փոխարէն ըսել, թէ ճիշդ ի՛նչ բառեր պիտի օգտագործուին», յայտնած է դեսպանը։

 


comments