Ազերի լրագրողը ձերբակալուած Է՝ Հայաստանի ի նպաստ լրտեսելու ամբաստանութեամբ

By Asbarez | Monday, 21 April 2014

 

 


Ատրպէյճանցի նշանաւոր քաղաքագէտ, լրագրող, Թուրքիոյ մէջ «Այնա Զերկալօ» ատրպէյճանական թերթի յատուկ թղթակից Ռաուֆ Միրքատիրովը մեղադրուած է պետական դաւաճանութեամբ:

Շուրջ երեք տարի ընտանիքին հետ Անգարայի մէջ բնակող գործիչը՝ Պաքուի իշխանութիւններուն դիմումին հիման վրայ արտայանձնած են Ատրպէյճանին, եւ ան այժմ կը պահուի Ատրպէյճանի ազգային անվտանգութեան նախարարութեան քննչական մեկուսարանին մէջ: Կասկած կայ այն մասին, որ ան կը համագործակցի Հայաստանի անվտանգութեան մարմիններուն հետ:

Ապրիլ 18ին, երբ Ռաուֆ Միրքատիրով իր ընտանիքին հետ փորձած է լքել Թուրքիան, ձերբակալուած է: Ատրպէյճանցի իրաւապահները լրագրողի փաստաբանին չեն ներկայացուցած յստակ ու ճշգրիտ փաստեր եւ վկայութիւններ:

Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարկը հրապարակած է յայտարարութիւն՝ նշելով, որ Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի 274 յօդուածը՝ պետական դաւաճանութիւն, լրտեսութիւն, որուն իբրեւ պատիժ սահմանուած է 10 տարիէն մինչեւ ցմահ ազատազրկում, ակնյայտ ապացոյց է մենատիրական համակարգի սանձարձակ ճնշման, նաեւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան հետ որեւէ կապի լիարժէք արգելք է: Կազմակերպութիւնը նաեւ նշած է, որ Միրքատիրովը «Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարկ»ի նախագիծերուն մէջ հայ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն հետ համատեղ բազմաթիւ նախագիծերու աշխոյժ մասնակից է, բազմիցս այցելած է Հայաստան:

«Այնա Զերկալօ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Էլչին Շահլինսքին յայտնած է, որ դիմած է Թուրքիոյ դեսպանատուն, որպէսզի քննեն գործը, եւ եթէ ատրպէյճանցի լրագրողին փաստաթուղթերը յստակ ըլլան, պաշտօնական բացատրութիւն պիտի պահանջէ թրքական իշխանութիւններէն:

 


comments

Advertisement