Թուրքիա Կ՛առաջարկէ Անիի Աւերակները ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ցանկին Մէջ Ներառել

By Asbarez | Monday, 22 August 2011

ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Կարսի նահանգային վարչութեան պետ Հաքան Տողանայ, «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ընդգրկուելու թեկնածուներուն շարքին ներկայացուած են նաեւ Անիի աւերակները։

Նշելով, որ այդ հարցին մէջ լուրջ աշխատանքներ կատարած են Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ Տողանայ ըսած է. «Որպէսզի Անիի աւերակները կարենան դառնալ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան թեկնածու, իշխանութիւնները կարեւոր աշխատանքներ կատարած են։ Եւ եթէ Անին յայտնուի այդ ցուցակին մէջ, անիկա տեղ պիտի գրաւէ նաեւ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ նկարահանուող ծանուցողական շարժապատկերներուն մէջ։ Ասիկա իր կարգին պիտի նպաստէ Կարսի մէջ զբօսաշրջութեան աճին։ Այսօրուան տուեալներով, Անի այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը արդէն իսկ աճած է 27 առ հարիւրով»։

Հաքան Տողանայ նշած է նաեւ, որ Անին աշխարհի այն քաղաքն է, ուր կարելի է տեսնել ե՛ւ եկեղեցի, ե՛ւ մզկիթ։ «Այդ է պատճառը, որ Անին կը կոչեն 1001 եկեղեցիներու քաղաք», ըսած է թուրք պաշտօնատարը, տեղեկացնելով, որ այս տարուան առաջին կիսամեակին, Անի այցելած է 23 հազար զբօսաշրջիկ։

Ըստ Տողանայի, Անիի աւերակներուն նկատմամբ յատկապէս մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն ֆրանսացի, բրիտանացի եւ ճափոնցի զբօսաշրջիկները։

Խօսելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Անիի աւերակներու տարածքին գտնուող պատմամշակութային յուշակոթողներու վերականգնման աշխատանքներուն մասին՝ Տողանայ ըսած է, որ ներկայիս «վերանորոգուած ու զբօսաշրջիկներուն առջեւ բացուած է Անիի մէջ գտնուող եւ քրիստոնեաներու համար կարեւոր աղօթատեղի հանդիսացող Տիգրան Հոնեցի եկեղեցին»։

Նշենք, որ այս տարի Յուշարձաններու պահպանութեան համաշխարհային հիմնադրամի եւ Թուրքիոյ մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարարութեան միջեւ համաձայնութիւն գոյացած էր՝ Անիի աւերակներու վերականգնման համար միացեալ աշխատանքներ կատարելու շուրջ։ Անիի աւերակներու վերականգնման եւ պահպանման նախագիծը պիտի կատարուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ու Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեամբ։ Նախագիծի առաջին փուլով մանրակիրկիտ ուսումնասիրութեան պիտի ենթարկուին Անիի Մայր տաճարն ու Ս. Փրկիչ եկեղեցին, որմէ ետք պիտի քննարկուին բոլոր հնարաւոր ձեւերը՝ այդ պատմամշակութային արժէքներու վերականգնման եւ պահպանման համար։ Կը նախատեսուի ծրագիրը աւարտել յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին։ Ծախսերը պիտի յոգան Յուշարձաններու համաշխարհային հիմնադրամն ու Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը։

comments