Պելճիքայի Կանաչները Իրենց Շարքերէն Կը Հեռացնեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտողները

By Արմէնփրէս | Monday, 22 August 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պելճիքայի «Ecolo» կանաչներու կուսակցութիւնը իր շարքերէն հեռացուցած է թուրք չորս անդամներ, որոնք չէին ուզեր գործածել «ցեղասպանութիւն» բառը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելու ընթացքին: Այս մասին տեղեկացուց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի աշխատակից Վարդենի Էքօն:

Յիշեցնենք, որ Պելճիքայի հայ համայնքը սկսած էր ստորագրահաւաքի մը, որուն նպատակն էր՝ պելճիքացի քաղաքական գործիչներուն պատասխանատուութեան կոչ ուղղել՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրենց յայտարարութիւններուն առնչութեամբ: Այս ստորագրահաւաքին կարիքը յառաջացած է այն պատճառով, որ պելճիքացի շարք մը քաղաքական գործիչներ, ինչպէս՝ Էմիր Քիր՝ Պելճիքայի սոցիալիստական կուսակցութենէն, նաեւ Մուսթաֆա Օզթուրք եւ Սայիթ Քէօսէ՝ Բարեփոխական շարժում կուսակցութենէն, Մահինուր Օզտեմիր՝ կեդրոնամէտ Ժողովրդավարական մարդասիրական կուսակցութենէն, մերժած են գործածել «ցեղասպանութիւն» բառը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելու պահուն:

Ստորագրահաւաքին նախաձեռնողները կոչ ուղղած են այս քաղաքական գործիչներուն՝ հրապարակայնօրէն ներողութիւն խնդրելու Պելճիքայի հայ համայնքէն: Նաեւ, կոչ ուղղուած է Պելճիքայի շարք մը կուսակցութիւններու ղեկավարներուն՝ իրենց կուսակցութիւններէն հեռացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ժխտող գործիչները:

«Կուսակցութիւններէն պատասխանեցին, թէ ստացած են նամակը եւ համաձայն են մեր հարցադրման. հարցը պիտի քննարկեն եւ լուծում տան. միայն «Ecolo»ն էր, որ շարքերէն հեռացուց ժխտողները», յայտնեց Վ. Էքօն:

Պելճիքան պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն քաղաքական գործիչներու ծիրէն ներս, տակաւին կան ժխտողներ: «Ատոր համար ալ կրկին բարձրացուցած ենք այս հարցը, սակայն կայ մէկ այլ խնդիր եւս՝ Պելճիքայի մէջ տակաւին ձեւաւորուած կառավարութիւն չունինք, ուստի դժուար կացութեան մէջ կը գտնուինք», ըսաւ Վ. Էքօն:

Նշենք, որ Պելճիքայի Ծերակոյտը 1998ի Մարտ 26ին ընդունած էր բանաձեւ մը, որուն միջոցով կը ճանչնար 1915ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Երիտթուրքերու կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

comments

Advertisement