Մարդկային իրաւանց դէտի տնօրէնին համաձայն՝ Քեսապի վրայ յարձակումը Թուրքիայէն եղած է

By Asbarez | Tuesday, 22 April 2014

 



ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Արմէնփրէս».- «Յստակ է, որ Քեսապի գործողութիւնը իրականացուած է Թուրքիոյ տարածքէն», «Հիւրրիյէթ»ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է մարդկային իրաւանց պաշտպան Մարդկային իրաւանց դէտ (Human Rights Watch) միջազգային կազմակերպութեան տնօրէն Քենըթ Ռաթ:

Պատասխանելով Քեսապի վրայ վերջին յարձակումներուն մասին հարցումի մը՝ Ռաթ ըսած է. «Մենք տակաւին ոչ մէկ հրապարակում ըրած ենք Քեսապի հարցով, որովհետեւ տակաւին կը շարունակենք հետաքննութիւնը: Սակայն յստակ է, որ այդ գործողութիւնը իրականացուած է Թուրքիոյ տարածքէն: Առայժմ չենք կրնար ըսել, թէ ճիշդ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած է գործողութիւնը: Զանազան պնդումներ եղած են, բայց առայժմ բաւարար ապացոյցներ չունինք այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կատարուած է գործողութիւնը»:

Ռաթ յայտնած է, որ կազմակերպութիւնը զինուած ընդդիմութեան կողմէ կատարուած զանգուածային սպանութիւններ արձանագրած է: «Կարեւոր է, որ զինուած ընդդիմութեան օգնողները զգոյշ ըլլան, որ չօգնեն այն ընդդիմադիրներուն, որոնք չարաշահումներու առիթ կու տան: Զգուշութեան խիստ միջոցներ հարկաւոր են», աւելցուցած է ան:

Միւս կողմէ, ՀՀ Հանրային խորհուրդին կողմէ հնչած Քեսապի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները դատապարտող կոչին արձագանգած է Պրազիլիոյ Ընկերային եւ տնտեսական զարգացման խորհուրդը, որ այս մասին կատարած յայտարարութեան մէջ մտահոգութեամբ նշած է, թէ վտանգի մէջ է Քեսապի հայ համայնքը՝ խոր համակրանք արտայայտելով հայերու նկատմամբ: «Պրազիլիոյ հասարակութիւնը ապշած է տեղի ունեցած վայրագութիւններէն, որոնցմէ կը տուժէ խաղաղ բնակչութիւնը, եւ խստօրէն կը դատապարտէ ահաբեկչական գործունէութիւնն ու այլ յանցագործութիւններ», նշ-ուած է յայտարարութեան մէջ:

 


comments