By Էյ.Փի.Էյ. | Monday, 22 August 2011
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի մօտ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Ռոլանտ Քոպիա յայտնած է, որ Քազանի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները չեն յաջողած համաձայնութիւն գոյացնել, սակայն ատիկա կարելի չէ բանակցութիւններու տապալում համարել, որովհետեւ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու Սոչիի հանդիպումը որոշ դրական արդիւնք տուած է։
«Մենք բանակցութիւնները տապալած չենք համարեր եւ պիտի ուզէինք գործընթացի շարունակութիւնը եւ զանոնք արագացնելու ջանքեր տեսնել», ըսած է Քոպիա։ Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է հրադադարի պայմաններուն մէջ զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ արձանագրուող զոհերու փաստին կապակցութեամբ։
«Հրադադարի պայմաններուն մէջ նման դէպքեր պէտք չէ ըլլան, զոհեր պէտք չէ ըլլան։ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է խիստ կերպով պահպանեն հրադադարի դրութիւնը», նշած է Քոպիա։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ