By Asbarez | Tuesday, 22 April 2014
ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայկական ժառանգութեամբ ամերիկացիներս մեր նախագահէն կ՛ակնկալենք ճշմարտութիւնը, միա՛յն ճշմարտութիւնը», «Առաջին Լրատուական»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ անդրադառնալով Հայաստանի մօտ Ամերիկայի դեսպան Ճան Հեֆըրնի դիտարկումներուն, թէ՝ Օպամա Ապրիլ 24ին հանդէս պիտի գայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին շատ ազդեցիկ ու «ծանրակշիռ» յայտարարութեամբ:
Համբարեան յիշեցուցած է, որ Օպամա իր սկզբունքային դիրքորոշումը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, յայտնած է 2008ի Յունուարին ամերիկացի ժողովուրդին տուած իր խոստումին մէջ, երբ ան նշած էր. «Ամերիկան արժանի է այնպիսի ղեկավարի մը, որ ճշմարտութիւնը պիտի խօսի Հայկական Ցեղասպանութեան մասին եւ կտրուկ պատասխան պիտի տայ բոլոր ցեղասպանութիւններուն»: Այդ օրերուն, ծերակուտական Օպամա նաեւ խոստացած էր իբրեւ նախագահ եւս ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Ըստ Արամ Համբարեանի՝ նախագահ Օպաման «ծանրակշիռ» խօսելու փոխարէն, պէտք է անկեղծօրէն խօսի Ցեղասպանութեան մասին, որուն ճշմարտութեան ակնյայտօրէն ծանօթ է ան:
«Հայկական Ցեղասպանութիւնը լայնօրէն վաւերագրուած փաստ է՝ պատմական ապացոյցներու աջակցութեամբ: Օպամա պէտք է վերջապէս մերժէ զինք լռութեան մատնող թրքական ճնշումները, որոնք վերջին հինգ տարիներուն ի գործ կը դրուին Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան երեք ճիւղերուն վրայ», եզրակացուցած է Համբարեան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ