By Asbarez | Monday, 22 August 2011
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր Երեքշաբթի, Օգոստոս 16ի թիւին մէջ, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութեան հռչակման երրորդ տարեդարձին առթիւ, աշխարհի տարածքին ի յայտ եկած «ուրուական պետութիւններ»ու մասին կը գրէ.
«Այդպիսի պետութիւնները ունին սեփական բանակ, կը կայացնեն ընտրութիւններ, կը զարգացնեն իրենց տնտեսութիւնները եւ երեխաներ կը դաստիարակեն, սակայն կը գտնուին իրենց փաստացի գոյութիւնը եւ օրինականութեան միջազգային ընդունումը ապահովելու դժուարութեան առջեւ։
«Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի այդպիսի 12՝ չճանչցուած միաւոր, ուր ընդհանուր առմամբ կը բնակի 40 միլիոն հոգի։ Նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին անոնք են՝ Մերձտնեսթրը, Հարաւային Օսեթիան, Աբխազիան եւ Լեռնային Ղարաբաղը, Եւրոպայի մէջ՝ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը, Միջին Արեւելքի մէջ՝ Պաղեստինը, Ափրիկէի մէջ՝ Սոմալին եւ այլն։
««Ուրուականներ»ուն մեծ մասը կը գոյատեւէ արտաքին աջակցութեան շնորհիւ։ Այսպիսով՝ Մոսկուան Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ հովնաւորն է, իսկ Հայաստանը՝ Լեռնային Ղարաբաղի»:
Ամերիկեան թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածին հեղինակները կ՛առաջարկեն օրինականութիւն ձեռք բերելու ջանքերուն մէջ օժանդակել նմանատիպ այն միաւորներուն, որոնց կառավարութիւնները «իրենք զիրենք լաւ կը դրսեւորեն», իբրեւ օրինակ մատնանշելով Թայուանի պարագան։
Յօդուածագիրները կը նշեն, որ ճիշդ չէ կեդրոնանալ միայն այդ միաւորներուն՝ պետութիւն դառնալու ձգտումին վրայ, որովհետեւ երբ «ուրուական»ն անգամ կը դառնայ իրական պետութիւն, խնդիրները կրնան մնալ։ Անոնք կը նշեն, որ Եթովպիայէն անկախութիւն հռչակած Էրիթրիայի օրինակի կրկնութենէն խուսափելու համար, միջազգային ընտանիքը պէտք է անոնց մէջ բարեփոխումները քաջալերէ։ Այլապէս, աշխարհի միլիոնաւոր բնակիչներ պիտի շարունակեն մնալ քաղաքական ու իրաւական անորոշութեան մէջ, իսկ անոնց հարեւանները պիտի գտնուին պատերազմի մշտական վտանգի տակ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ