Ատրպէյճան Google-ի Քարտէսը Անընդունելի Կը Համարէ

By Asbarez | Monday, 22 August 2011

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանը արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակով կը քննադատէ Google ընկերութիւնը, իր առցանց քարտէսներուն մէջ «ատրպեճանական տարածքներու անուանումները աղաւաղելուն եւ հայերէն տեղանուններ ներկայացնելուն համար»:

Օգոստոս 17ին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց գերատեսչութիւնը այս մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը տարածած է եւ կոչ ուղղած ատրպէյճանցիներուն՝ աշխոյժ քայլերու ձեռնարկելու՝ այդ տարածքներու ատրպեճանական անուանումները «վերականգնելու» ուղղութեամբ:

«Այս հարցը կը գտնուի ԱԳ նախարարութեան մշտական ուշադրութեան կեդրոնը: Մենք անոր շուրջ պարբերաբար համակարգուած աշխատանք կը տանինք դեսպանատուներու եւ այլ երկիրներու մէջ հաւատարմագրուած մեր դիւանագէտներուն հետ», յայտարարած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ խօսնակ Էլման Ապտուլլաեւը:

Նշենք, որ Google-ի քարտէսներուն մէջ Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ յարակից տարածքներու տեղանունները ներկայացուած են միայն հայերէն տարբերակներով, մինչդեռ ատրպէյճանցիները կը պահանջեն վերականգնել շրջանային կեդրոններու ատրպեճանական անունները. այսինքն՝ Ստեփանակերտի փոխարէն՝ Խանքենդի, Քարվաճառի փոխարէն՝ Քելբաջար, Վարանդայի փոխարէն՝ Ֆիզուլի եւ այլն:

Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարութիւնը արդէն համապատասխան յանձնարարականներ տուած է դեսպանատուներուն՝ «այս բացթողումները շտկելու համար»:

«Բացի ատկէ, կ՛ուզեմ նշել, որ այս ծրագիրը բաց է օգտատէրերու համար, եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ արտերկիր ապրող մեր հայրենակիցները, կրնան իրենք առաջարկներ ներկայացնել, լուսանկարներ տեղադրել եւ անձամբ շտկումներ կատարել Google Earth-ի քարտէսներուն վրայ», ըսած է Էլման Ապտուլլաեւ:

Թեմային անդրադարձած են նաեւ ատրպէյճանցի պատգամաւորները: Անոնցմէ մէկը պնդած է, թէ ասիկա հայերու խումբի մը կողմէ իրականացուող արշաւ է Ատրպէյճանի դէմ:

«Եթէ այդօրինակ փաստերը հազուադէպ ըլլային, կարելի էր զանոնք պատահական համարել, սակայն այս բոլորը սկսած են համակարգային բնոյթ կրելու», յայտարարած է իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչ Այտին Միրզազատէ եւ պնդած. «Մենք պէտք է աչալուրջ ըլլանք, արագօրէն արձագանգենք եւ հասնինք արդարութեան վերականգնման»:


comments

Advertisement