By Asbarez | Tuesday, 29 April 2014
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ ու արտաքին յարաբերութեանց բաժանմունքի ղեկավար Նովրուզ Մամետով Երեքշաբթի, Ապրիլ 29ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ միջազգային հանրութիւնը պէտք է Ատրպէյճանի իշխանութեանց աջակցի՝ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան լուծում մը գտնելու համար:
Ան նշած է, թէ «միջազգային իրաւունքի հարցերը յատուկ կարեւորութիւն ունին Պաքուի իշխանութեանց համար»՝ աւելցնելով, որ Պաքուի համար ամենամեծ հարցը կը մնայ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը:
Բաց հասարակութիւններու համաշխարհային 2րդ խորհրդաժողովին ընթացքին տրուած մամլոյ ասուլիսին, Մամետով պնդած է, թէ Ատրպէյճան կարողութիւնն ունի «իր առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները լուծելու, «սակայն չի կրնար միայն սեփական ջանքերով կարգաւորել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը»:
«Այս իսկ պատճառով, միջազգային հանրութիւնը պէտք է Ատրպէյճանին աջակցի այդ հարցով», եզրակացուցած է Մամետով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ