Համանախագահները հանդիպած են Վարշաւիոյ մէջ

By Asbarez | Wednesday, 30 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30ին գրած է, թէ համանախագահները Ապրիլ 29ին հանդիպում մը ունեցած են Վարշաւիոյ մէջ եւ թէ այդ հանդիպումը «շարունակուած է ամբողջ օրը»:


Ամերիկացի դիւանագէտը հանդիպման այլ մանրամասնութիւններ չէ բացայայտած, այլ միայն ընդգծած է. «Մենք նուիրուած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան համար համատեղ աշխատանքին»:


Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ապրիլ 30ին հրապարակած է անցեալ տարուան գործունէութեան արդիւնքներուն եւ հիմնական ուղղութիւններուն մասին զեկոյց մը, որուն մէջ նշուած է, թէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ, Ռուսիա սերտօրէն կը համագործակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միւս համանախագահներուն՝ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ: «Համատեղ ջանքերու շնորհիւ, սկզբունքային համաձայնութիւն ձեռք բերուած է բարձր մակարդակով հայ-ատրպէյճանական շփումներու վերականգնման շուրջ», ըսուած է զեկոյցին մէջ:


comments