Ըստ Ուքրանիոյ նախագահին՝ Քիեւ անզօր է Ռուսամէտ ուժերուն դէմ

By Asbarez | Wednesday, 30 April 2014

 

ՔԻԵՒ, «Պի.Պի.Սի.».- Ուքրանիոյ նախագահի պաշտօնակատար Օլեքսանտր Թուրչինով Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30ին ընդունեց, թէ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները կարողութիւն չունին դէմ դնելու արեւելեան Ուքրանիոյ որոշ շրջանները իրենց հակակշիռին տակ առած ռուսամէտ ուժերուն՝ յատկապէս Տոնեցի եւ Լուհանսքի պարագաները նշելով:


Յայտնենք, թէ ռուսամէտ ցուցարարներու մեծ բազմութիւն մը Ապրիլ 29ին գրաւած էր Լուհանսք քաղաքի շրջանային վարչութեան կեդրոնատեղին ու «Հանրաքուէ. Ռուսիա» բացագանչելով՝ կեդրոնատեղիին վրայ ռուսական դրօշ մը բարձրացուցած: Քաղաքի ապահովական մարմիններու կեդրոնը եւս ռուսամէտ ուժերու հակակշիռին տակ կը գտնուի:

«Իթար-Թասս» հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի փոխնախագահ Անտրէյ Մակերա յայտարարած է, որ յանձնախումբը պատրաստ է Յունիս 15ին, շրջաններուն յաւելեալ իրաւունքներ շնորհելու հարցով համաուքրանական հանրաքուէ կատարելու, եթէ խորհրդարանը համապատասխան որոշում որդեգրէ: Ան նաեւ նշած է, որ հանրաքուէն Մայիս 25ի արտակարգ նախագահական ընտրութեան հետ միաժամանակ կատարելը շատ հաւանական չէ:

Միւս կողմէ, Մոսկուայի դէմ ամերիկեան եւ եւրոպական նոր պատժամիջոցները դատապարտելով՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ բարձր ճարտարագիտութեան մարզը թիրախ դարձնելով՝ «իրողապէս երկաթեայ վարագոյր մը իջեցուցած է»: Ան ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը իր սեփական պատժամիջոցները ընդլայնելով փաստեց, որ գործիք մը դարձած է Ուաշինկթընի ձեռքը: Ռիապքով նաեւ շեշտեց, որ Ռուսիա արեւելեան Ուքրանիա ներխուժելու մտադրութիւն չունի:


comments

Advertisement