Իրան-Սէուտական Արաբիա կապերու բարելաւման առջեւ արգելքներ չկան. Ռուհանի

By Asbarez | Thursday, 01 May 2014

 

ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարած է, թէ Սէուտական Արաբիոյ հետ Իրանի յարաբերութիւնները բարելաւելու ջանքերուն առջեւ արգելքներ չկան՝ նշելով, որ «Սէուտական Արաբիա Իրանի հետ որեւէ հարց չունի: Անոր հարցը շրջանին հետ է»: Ռուհանի նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ռիատ շրջանին մէջ կացութիւնն ու պայմանները լաւ ձեւով գնահատէ եւ գիտակցի, թէ շրջանին համար լաւագոյնը՝ «խաղաղութեան, եղբայրութեան ու ապահովութեան հաստատումն ու անկէ ահաբեկիչներուն վտարումն է»:

Ռուհանի կը յուսայ, որ Սէուտական Արաբիա եւս նշեալ եզրակացութեան կը հասնի՝ աւելցնելով. «Երբ այդ եզրակացութեան հասնի, այդ պարագային անոր հետ մեր յարաբերութեանց մէջ որեւէ հարց գոյութիւն պիտի չունենայ»:

Իրանի նախագահը ըսած է նաեւ, որ Իրանի եւ աշխարհի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով, իր կառավարութիւնը արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ «մեծ քայլեր» առած է: «Դրացի եւ ոչ դրացի երկիրներու հետ մեր յարաբերութիւնները օրէ օր կը բարելաւուին: Ռուսիոյ ու Չինաստանի հետ տնտեսական ու քաղաքական յարաբերութիւններուն մէջ շատ լաւ շրջադարձի մը ականատեսը պիտի ըլլանք», աւելցուցած է Ռուհանի:


comments

Advertisement